«Թերթ».-Եւրոմիութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները` Պաքուի մէջ չարտօնուած ցոյցը ցրելուն, հաւաքի մասնակիցներուն հանդէպ անհամաչափ ուժ գործադրելուն եւ զիրենք ձերբակալելուն համար:
«Հանրահաւաքը ցրելու եւ ցուցարարներուն ձերբակալելու համար գործադրուած է չափազանց բիրտ ուժ: Այդ դէպքերը պէտք է հետաքննուին, եւ մենք կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ազատ արձակելու ձերբակալուած բոլոր խաղաղ ցուցարարները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: