Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Ամերիկայի Հայ Դատի խորհուրդի ղեկավարութեան հետ, որուն ընթացքին ծաւալուն քննարկում տեղի ունեցած է Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկուած է յառաջիկային նման իրավիճակներու ծրագրաւորման անհրաժեշտութիւնը բարձր վտանգ սպառնացող այն շրջաններուն համար, ուր առկայ են հայկական համայնքներ:
Զարեհ Սինանեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է նաեւ յաջորդ տարի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուելիք 3 համաժողովները, որոնք կը նպաստեն ինչպէս Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայրենիքի զարգացման գործին մէջ սփիւռքի մասնագիտական ներուժի ներգրաւման եւ հայրենադարձութեան: Ամերիկայի Հայ Դատի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցել կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նպատակներու իրակուանացման ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Լոս Անճըլըսի մէջ: