Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի ազգային վարժարանները այսօր իրենց դռները բացին աշակերտութեան դիմաց: Դասաւանդութիւնը բնականոն ձեւով ընթացաւ, սակայն աշակերտութեան շարքերուն մէջ բացակայութիւններ արձանագրուած էին: Բացականերէն ոմանք իրենց բնակարանները վտանգաւոր համարելով աւելի ապահով շրջաններ ապաստանած էին, ուրիշներ առժամեայ կամ մնայուն կերպով գաղթած էին:

Ճեզիրէի ողջ տարածաշրջանը զգուշութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ զինադադարին, որ այսօր գիշեր կ՛աւարտի: Վաղը նոր փուլի մը սեմին պիտի յայտնուի շրջանը: Նորութիւններ կ՛ակնկալուին:

Ծնթ.: Լուսանկարները առնուած են Հասիչէի ազգային Մեսրոպեան «Ալ Լուաա» վարժարանի էջէն, այսօր՝ 21 Հոկտեմբեր 2019:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն