«Թերթ».-Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակած է Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հարցով ընդունուած համաձայնագիրին իրականացման քարտէսը:

Քարտէսին համաձայն, թուրք-սուրիական սահմանի հասակին Սուրիոյ սահմանապահ ծառայութեան 15 անցակէտեր կը տեղակայուին:

Նախապէս ՌԴ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի միջեւ 6 ժամ 20 վայրկեան տեւած բանակցութիւններուն հետեւանքով պայմանաւորուածութիւններ  ձեռք բերուած են Սուրիոյ  հարցին առնչութեամբ: Երկու կողմն ալ հաւատարմութիւն  յայտնած են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնականութեան պահպանման համար:

Բանակցութիւններու աւարտին 10 կէտով փոխհամագործակցութեան մասին յուշագիր  ստորագրուած է, որուն մէջ, յատկապէս, ըսուած է, որ 23 Հոկտեմբերէն  սկսեալ սահմանի սուրիական կողմը` «խաղաղութեան աղբիւր» ռազմարշաւի գօտիէն այն կողմ, ռուսական զինաճարտարագիտական ստորաբաժանումներ պիտի տեղակայուին:

Անոնք պիտի աջակցին քրտական զօրամիաւորումներու դուրսբերման համար թուրք-սուրիական սահմանի  30 քմ.  տարածքով: Անոնց դուրսբերումը պէտք է աւարտի 150 ժամուան ընթացքին: Անոնցմէ ետք ռուս եւ թուրք զինուորները պիտի սկսին հերթապահութիւն իրականացնել սահմանէն 10 քմ. հեռաւորութեամբ դէպի արեւմուտք եւ արեւելք: