Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան յայտնեց, որ Խորհուրդը իր կարելին ի գործ կը դնէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական փոխանակումներն ու գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու համար, ինչ որ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, յատկապէս երկրիս տնտեսական դժուար պայմաններուն լոյսին տակ:
Զաքի «Ուաթան»ին հաղորդեց, որ Երեւան իր այցելութեան առիթով, տնտեսագէտներու հետ ունեցած է զանազան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը պէտք է գործադրել, սատարելով նաեւ Սուրիոյ տնտեսութեան բարգաւաճման եւ պատժամիջոցներու վերացման:
Ան յայտնեց, որ Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան գրասենեակի նախագահ Մարթին Սարգիսեանին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են սուրիական-հայաստանեան գործակցութեան միջոցները՝ արդիւնաբերութեան, արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան եւ առեւտրական փոխանակման ոլորտներուն մէջ, աւելցնելով, որ Սուրիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայաստան արտածելու երկրիս կարգ մը արտադրանքները, ինչպէս համեմներ, բամպակեղէն, բրդեղէն եւ այլն:
Ըստ Զաքիի՝ ճարտարագիտութեան ոլորտի գործակցութիւնը պիտի ընդգրկէ «IT» տեղեկատուական բնագաւառը, ինչպէս նաեւ վերանորոգուող ներուժի ոլորտի մասնագէտներու եւ արտադրանքներու հայթայթում, ինչպէս՝ արեւու ներուժով ելեկտրականութիւն արտադրող սարքեր, որոնց անմիջական կարիքը եւ օգտագործման մեծ կարելիութիւնը ունի Սուրիան, նկատի առած երկրին աշխարհագրական բնոյթն ու կլիման: Իսկ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, գործակցութիւնը պիտի ըլլայ կաթնեղէնի գործարաններու, հաւաբուծարաններու, ձկնաբուծարաններու, սնունդի արդիւնաբերութեան եւ այլ հիմնարկներու փորձառութենէն օգտուելով:
Զաքի յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքի փոխանակումը կարելի է իրականացնել վրացական նաւահանգիստներու ճամբով: Այս առումով հայաստանեան կողմէն կը պահանջուի բեռնափոխադրութեան միացեալ ընկերութիւն մը հիմնել: Ան կոչ ուղղեց երկու երկիրներու տնտեսական հիմնարկները իրազեկ պահելու մէկզմէկու հարկային դրութիւններուն ու ներածման տուրքերու օրէնքներուն եւ ուսումնասիրելու անոնց զարգացման հեռանկարները՝ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը բաղձալի մակարդակի հասցնելու համար: