Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին տեղի ունեցաւ ՍՕ Խաչի 100 եւ «Մեղրի» Մասնաճիւղի 90 ամեակներու յոբելենական հանդիսութիւնը Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն, Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեանին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, Պատկան Մարմինին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան։
Օրուան հանդիսավար Յասմիկ Սաղտճեան ներկաները հրաւիրեց ՍՕ Խաչի քայլերգով սկսելու հանդիսութիւնը եւ մէկ վայրկեան ոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած խաչուհիներուն յիշատակը։
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Լնդեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՍՕ Խաչի հիմնադրութեան, ըսելով. «1919-ին սուրիական հիւրընկալ հողին վրայ, որպէս ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան մէկ միաւոր, ծնունդ առաւ ՍՕԽ-ը, ազգանուէր միութիւն մը, որ խորհրդանշեց հայ ազգին վերածնունդը` դրսեւորելով հայ կնոջ նուիրումի ու ծառայասիրութեան ոգին։ Սփիւռքի կնոջական կազմակերպութիւններուն մէջ առաջնակարգ ու պատուաբեր տեղ կը գրաւէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, որ արժանավայել կերպով կը տօնէ այս տարի իր հարիւրամեայ յոբելեանը»։
Անդրադառնալով Քեսապի «Մեղրի» Մասնաճիւղի հիմնադրութեան,ան աւելցուց. «ՍՕ Խաչէն ծնունդ առած մեր մասնաճիւղը այս տարի եւս կը տօնէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Ունենալով «Ժողովուրդիս Հետ Ժողովուրդիս Համար» կարգախօսը` մասնաճիւղս կը գործէ եւ կը շարունակէ իր աննահանջ երթը գիւղիս հայ կեանքէն ներս` իր մասնակցութիւնը բերելով ազգային, եկեղեցական տօներու վերարժեւորման, նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ազգանուէր գործին մէջ»։
Ան շնորհաւորելով բոլոր խաչուհիները, յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց անոնց միշտ բոցավառ պահելու նուիրումի եւ ծառայասիրութեան այս հնոցը, որպէսզի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը մշտանորոգ թարմութեամբ յարատեւէ եւ աննահանջ գործէ։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան երէց ընկերուհիներէն Մարի Աղպաշեան, ասմունքելով դոկտ. Յովհաննէս Այանեանի «Պանդուխտ Հայ Քեսապցիին» բանաստեղծութիւնը եւ Վարսենիկ Մահշիկեան ասմունքելով «Պատուէր» բանաստեղծութիւնը։
Խումբ մը ընկերուհիներ հանդէս եկան խմբերգներով, նուագակցութեամբ Անդրանիկ Քէօշկէրեանի։
Օրուան բանախօս` դոկտ. Շողեր Աշըգեան բծախնդիր եւ եզակի ձեւով ներկայացուց ՍՕ Խաչի պատմականը սկսելով ծնունդէն, որ ժամանակի հրամայականին արդիւնքն էր՝ հասնիլ հիւանդին, չքաւորին, եղեռնէն վերապրած գաղթականներուն ծով կարիքը հոգալու։ Ան մանրամասնութիւններով յիշեց այս հզօր միութեան բազմաշերտ եւ բազմածաւալ գործունէութիւնը, անխոնջ հետեւողականութիւնը եւ անսակարկ նուիրումը, ինչպէս նաեւ անոր 100 տարիներու վրայ երկարող անփոխարինելի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մէկ դար ժողովուրդին ծառայելու համար ստեղծուած բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը ՀՕՄ-ի գլխաւորութեամբ տարածուած է երկրագունդին բոլոր կողմերը եւ իր աշխատանքով ինքզինք հաստատած։
«100 տարի շարունակ ինքզինք նորոգած է մարդասիրական եւ բարեսիրական ծառայութիւններով, ազգային, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ։ ՀՕՄ-ի գլխաւորութեամբ ՍՕ Խաչի անդամները շարժիչ ուժ են սուրիահայութեան կեանքին մէջ։ Անոնք գործուն մասնակցութիւն կը բերեն գաղութի հասարակական աշխատանքին։ ՀՕՄ-ը եւ ՍՕԽ-ը իրենց կարեւոր դերը ունին մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ»։
Ընկերուհին շնորհաւորեց զոյգ ամեակները եւ մաղթեց, որ ՍՕ Խաչը միշտ կանգուն մնայ իր եզակի առաքելութեամբ եւ լոյսի փարոս դառնայ նոր սերունդներու մտքի պայծառութեան։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նորագիր անդամուհիներու երդման արարողութիւն, վերջին տասնամեակին վարչական պաշտօն վարած եւ առաքելանուէր ծառայութիւն ունեցած անդամուհիներու պարգեւատրում, ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի շարքերէն ներս 50 եւ աւելի տարիներու անձնուրաց ծառայութիւն ունեցող անդամուհիներու պարգեւատրում ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պատրաստուած գնահատագրերով։
Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան բարձրօրէն գնահատեց բոլոր խաչուհիներուն տարած վեհ աշխատանքը եւ մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքները մարմնաւորելու կարողութիւնը, որոնք կ’ապահովեն մեր ժողովուրդին յաւերժութիւնը։ Ան իր հայրական օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։

Թղթակից