Սուր­իոյ նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասա­տի Իտ­լի­պի Հա­պիթ գիւ­ղի առաջ­նա­յին գի­ծե­րուն վրայ դիրք պա­հած սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի մի­ա­ւոր­նե­րուն անակն­կալ այ­ցե­լու­թիւնը եւ ուղ­ղած պատ­գա­մը ար­տա­քին եւ ներ­քին հաս­ցէ­նե­րու ուղղ­ուած ռազ­մա­վա­րա­կան, զի­նուո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ու­ղերձ­ներ կը պա­րու­նա­կէ­ին:
Ար­տա­քին ու­ղերձ­նե­րը ուղղ­ուած էին յատ­կա­պէս Թուրք­իոյ:
Նա­խա­գա­հը կը շեշ­տէր, որ տագ­նա­պի լուծ­ման զի­նուո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին կի­զա­կէ­տը Սուր­իոյ հիւսիսա­րե­ւել­եան շր­ջան ուղ­ղե­լու Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հին արե­ւե­լու­մը ձա­խող բե­մադ­րու­թիւն մըն էր, այն­պէս ինչ­պէս քիմ­ի­ա­կա­նի օգ­տա­գործ­ման բե­մադ­րու­թիւնը եղած էր նա­խա­պէս:
Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը յս­տա­կօ­րէն կը պար­զէր, որ զի­նուո­րա­կան իմաս­տով Իտ­լի­պի թղ­թած­րա­րին յե­տաձ­գու­մը անընդունե­լի է: Սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին հա­մար ան­յե­տաձ­գե­լի կը մնայ Իտ­լի­պի ազա­տագ­րու­մը, որով­հե­տեւ ան կը հանդի­սա­նայ հիմ­քը ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ողջ գոր­ծըն­թա­ցին:
Թուրք­իա Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­րե­ւել­եան շր­ջա­նի թղ­թած­րա­րը առաջ­նա­յին դարձ­նե­լով ու ԱՄՆ-ի հետ ապա­հո­վու­թեան գօտիի սեր­տո­ղու­թիւն կա­տա­րե­լով նպա­տակ ու­նէր լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու պա­հել Իտ­լի­պի գծով Աս­թա­նա­յի սահ­մա­նած իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:
Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին ներ­կա­յու­թիւնը Իտ­լի­պի հիւ­սի­սա­յին Հա­պիթ գիւ­ղի առա­ջին գիծ եկաւ հաս­տա­տե­լու, որ սուրիական բա­նա­կը իր առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը զի­նուո­րա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն հա­մա­ձայն կը ճշդէ եւ ինչ­պէս նախա­պէս Խան Շէյ­խու­նի մէջ դէմ դրաւ թր­քա­կան բա­նա­կին, երբ ան կը փոր­ձէր սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կա­սեց­նել, նոյն­պէս դէմ պի­տի դնէ Իտ­լի­պի ուղ­ղու­թեամբ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կա­սեց­նող, կամ միջազգա­յին ըն­տա­նի­քին ու­շադ­րու­թիւնը շե­ղող փոր­ձե­րուն, որով­հե­տեւ Իտ­լիպն է որ պի­տի ճշ­դէ զի­նուո­րա­կան գործողու­թիւն­նե­րուն առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ը:
Նա­խա­գա­հը յս­տակ ոճով, առանց բա­ռե­րու ետեւ թաքն­ուե­լու յայտ­նեց, որ Էր­տո­ղան աւա­զակ մըն է, ան թա­լա­նեց Սուրիոյ գոր­ծա­րան­նե­րը, ապա Սուր­իոյ քա­րիւ­ղը ՏԱ­ՀԵՇ-ի միջ­նոր­դու­թեամբ, իսկ ներ­կա­յիս սուր­ի­ա­կան հո­ղեր կը բռնագ­րա­ւէ:
Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը յս­տա­կօ­րէն բնո­րո­շեց երկ­րին թշ­նա­մին՝ Թուրք­ի­ան, որ կո­տո­րա­ծի են­թար­կեց Սուր­իոյ քաղաքացինե­րը, ինչ ազ­գու­թեան կամ ցե­ղի ալ պատ­կա­նած ըլ­լան անոնք: «Ան որ Սուր­իոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կո­տո­րա­ծի կ’են­թար­կէ՝ թշ­նա­մի է», պար­զա­բա­նեց նա­խա­գա­հը եւ ող­ջու­նեց բո­լոր այն ու­ժե­րը, որոնք պայ­քա­րե­ցան թշ­նամի­ին սուրի­ա­կան հո­ղեր թա­փան­ցու­մը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար: Սուր­իոյ նա­խա­գա­հը նման ու­ժե­րը անուանեց դի­մադ­րող ուժեր եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց զօ­րակ­ցե­լու անոնց:
Նա­խա­գա­հին պատ­գա­մին ներ­քին ու­ղեր­ձը սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան ուղղ­ուած էր: Ասատ կոչ ուղ­ղեց մի­աս­նու­թեան ու մի­աս­նա­կան ու­ժե­րով պայ­քա­րե­լու Սուր­իոյ թշ­նամի­ին դէմ:
Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դի ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան, գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը շեշ­տե­լով, նա­խա­գա­հը ան­գամ մը եւս յի­շե­ցուց, որ օտար ու­ժե­րու ապա­ւի­նի­լը հի­աս­թա­փու­թեան պի­տի մատ­նէ նման քայ­լի դի­մող­նե­րը: Նա­խա­գա­հը թշնամի­ին դէմ սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն մի­աս­նա­կան պայ­քա­րը Սուր­իոյ յաղ­թա­նա­կին կարեւորա­գոյն գրա­ւա­կա­նը հա­մա­րեց:
Թուրք­իա-Ռուս­իա խորհր­դակ­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով ապա­հո­վա­կան գօտիի հաս­տատ­ման առա­ջին քայ­լե­րը յա­ռա­ջի­կայ 150 ժամ­ուան ըն­թաց­քին պի­տի կի­րարկ­ուին: Սուր­իոյ հա­մար, սա­կայն, կտ­րա­կա­նա­պէս անըն­դու­նե­լի պի­տի մնայ օտար ու­ժե­րու (իմա՝ ԱՄՆ-ի եւ Թուրք­իոյ) ապօ­րի­նի ներ­կա­յու­թիւնը Սուր­իա:
Թուրք­իոյ դէմ մի­ջազ­գա­յին ճն­շու­մի ալի­քը եւս բարձ­րա­ցած է: Արեւ­մուտ­քը եւս կոչ կ’ուղ­ղէ Թուրք­իոյ դուրս գա­լու սուրիա­կան հո­ղե­րէն ու կը դա­տա­պար­տէ անոր գոր­ծած բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը:
Սուր­ի­ա­կան կող­մին յս­տակ մօ­տե­ցումն ու մեր­ժու­մը թր­քա­կան ներ­կա­յու­թեան ուշ կամ կա­նուխ դուրս պիտի բերեն Թուրքիան:
Այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ, հայ­կա­կան կող­մը եւս պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ հա­մա­կարգ­ուած աշ­խա­տան­քով լուսարձա­կի տակ բե­րե­լու Թուրք­իոյ կոր­ծա­նա­րար դե­րը, մի­ջազ­գա­յին օրէնք­նե­րուն խախ­տու­մը՝ ինչ­պէս Սուր­իոյ գերիշխա­նու­թեան սպառ­նա­լով, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի պա­շա­րու­մով: Լու­սար­ձա­կի տակ պա­հե­լու Հա­յոց Ցեղասպանութե­նէն դար մը ետք իսկ անոր ան­պա­տիժ մնա­ցած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, որ առիթ կ’ըն­ծա­յէ կրկ­նե­լու նման ոճիր­ներ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, տար­բեր տա­րածք­նե­րու վրայ, տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ, նոյ­նիսկ իրեն բարեկամ եր­կիր­նե­րու հո­ղե­րը գրա­ւե­լու նկր­տու­մով (չմոռ­նանք Սուր­իա-Թուրք­իա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մեր­ձե­ցու­մը նա­խա­պա­տե­րազմ­եան տա­րի­նե­րուն), բայց նոյն բար­բա­րո­սա­կան մի­ջոց­նե­րով, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու իրաւունքներուն հան­դէպ նոյն ոտնձ­գու­թիւն­նե­րով:
Հայ­կա­կան կող­մը,- Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Սփիւռք,- այս բո­լո­րը մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­լով թէ՛ Սուր­իոյ, թէ՛ սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի, եւ թէ Ար­ցա­խի ապա­հո­վու­թեան կարգ մը երաշ­խիք­նե­րը կ’ամրագրէ:
«Գ.»