Սարգիս Մարութեան ծնած է 1932-ին, Հալէպ: Մարութեան Խարբերդցի ծնողքի զաւակ է: Յաճախած է Ազգային Հայկազեան, մէկ տարի Մխիթարեան, ապա Լայք վարժարան: Տասնհինգ տարի ծառայած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, որպէս խնամակալ: Եղած է թաղական, հաշուեքննիչ, Տնտեսական Խորհուրդի անդամ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ, Հայ Դատի Հիմնադրամի հաշուապահ եւ Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն հանդերձահաւաքի պատասխանատու:
Յիշելով անցեալին հայկական դիմագիծ ունեցող, ներկայիս այլափոխուած Թիլէլի շրջանը, Մարութեան յետադարձ ակնարկ մը կը նետէ անցեալին վրայ ու կը վերակենդանանան թարմ յիշատակներ:
Անոր համաձայն, հայերը Թիլէլի մէջ ունէին կրթական, մշակութային եւ մարզական կեդրոններ, որոնք իրենց ամէնօրեայ գործունէութեամբ ու ձեռնարկներով հայաշունչ միջավայրի մը վերածած էին շրջանը: Յատուկ ուշադրութեան արժանի եղած է Թիլէլի ակումբը, որ ինքնուրոյն դեր ունեցած է երբեմնի հայ կեանքին մէջ: Երբ հարց տուինք պրն. Մարութեանին, թէ ո՞ր միութիւնները կը գործէին Թիլէլի ակումբէն ներս, որո՞նց կեդրոնը դարձած էր ան, եւ թէ ընկերային-միութենական ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէր ակումբին մէջ, ան յուզումնախառն ապրումներով պատասխանեց.
«Թիլէլի մէջ կը գտնուէր ՀՄԸՄ-ի ակումբը: Հոն տեղ յատկացուած էր Հայ Երիտասարդաց Միութեան, միութենական մարմիններուն եւ «Քրիստափոր» գրադարանին: Երեք-չորս սերունդներ կը մէկտեղուէին ակումբի երդիքին տակ, մէկզմէկուն հանդէպ յարգանք կը տածէին: Ընկերային այս օճախը շատերուն երկրորդ տունը դարձած էր: Ակումբէն ներս ամէնօրեայ դրութեամբ նարտիի մրցաշարքեր կը կազմակերպուէին: Մասնաւոր խանութ մը յատկացուած էր ՀՄԸՄ-ին: Հոնկէ սկաուտներն ու գայլիկները մարզական տարազներ կը գնէին: Հետագային վերոյիշեալ սենեակը վերածուեցաւ փինկ-փոնկի մրցավայրի: Կար նաեւ մարմնամարզութեան յատուկ բաժին մը: Դռները կը փակուէին ամէն օր ժամը 8:00-ին:
Ակումբը ժամանակի ընթացքին իր անունը փոխած է. Թիլէլի մէջ գործած շրջանին կը կոչուէր ՀՄԸՄ, ապա՝ Սուրիական Մարզական Կեդրոն, ետքը՝ Եարմուք ակումբ անուանումը ստացած էր:
«Օր մը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը որոշած էր ակումբէն ներս որպէս մարզիկ հրաւիրել հունգարացի նշանաւոր մարզիչ Ֆրանց Մեծցարողը, որ միայն ֆրանսերէն լեզուին կը տիրապետէր: Յարութիւն Պալեան ակումբին օգտակար դառնալու համար ստանձնած էր մարզիչին յատուկ դրամահաւաքի պարտականութիւնը։ Մարզիչին ամսական 25 ս.ո. էր: Միջմասնաճիւղային խաղերուն օրը Թիլէլի սրահ հաւաքուած երիտասարդ հոծ բազմութիւնը տեսնելով, մարզիչը շշմած իր զարմանքը յայտնեց, իսկ ես պատասխանելով ըսի. «Տակաւին այս երիտասարդներուն ծնողները ներկայ չեն»»:
Մարութեան նկատել տուաւ, որ 1945-ի ներգաղթին հետեւանքով գաղութին թիւը նօսրացաւ: «20 հոգիէ կազմուած ֆութպոլի «Արծիւ» խումբին անդամները մնացին 8 հոգի եւ խումբին «Կռունկ» անունը տուին ներգաղթէն ետք», օրինակ մը բերելով ըսաւ պրն. Սարգիսը, ապա յայտնեց. «Հալէպի Ճտէիտէի, Սալիպէի եւ Հոգետունի շրջանները ամբողջովին լեցուն էին հայերու բնակարաններով: Միայն երկու քրիստոնեայ ընտանիք կար Ճտէիտէ,մէկ ընտանիքը 11-նոց կը կոչէինք, որովհետեւ 11 մանչ զաւակ ունէր միւսը տոքթ. Մոնիէին ընտանիքն էր: Պարզ ու բարեկեցիկ կենցաղ ունեցող ժողովուրդը բարեկենդանի օրերուն կը ծպտուէր ու կը շրջէր այդ թաղերուն մէջ»: Անմոռանալի պահեր քանդակուեր էին Մարութեանի սուր յիշողութեան մէջ:
Ըստ Մարութեանի, անհամար ձեռնարկներ կը կազմակերպուէին ակումբի «Զաւարեան» սրահին մէջ: Եգիպտոսէն ակնառու դէմքեր Հալէպ կը ժամանէին, շաբաթներով կը կազմակերպուէին ծիծաղի երեկոներ ու խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծուէր: Ան յիշեց նաեւ Դրոյի ու խմբագիր, ազգային գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի այցելութիւնն ու դասախօսութիւնը:
Անոր համաձայն, ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային խաղերը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէին՝ խուռներամ բազմութեան ներկայութեան կարգի կը բերուէին այդ խաղերը։ Ամէն տարի նոյն խաղերն ու սկաուտական հաւաքները տեղի կ’ունենային, տարբեր շրջաններու սկաուտներուն եւ գայլիկներուն միջեւ ընկերային ջերմ ու անկեղծ կապեր կը հաստատուէին: Մարութեան հետաքրքրական ձեւով նկարագրեց այդ տարիներու ծնողներն ու անոնց վերաբերմունքը: Այդ սերունդներուն ծնողները գաղթական սերունդի զաւակներն ու համեստ պայմաններու մէջ ապրած մարդիկ ըլլալով մէկտեղ բարեացակամ, խղճամիտ ու ջերմ էին: Մարութեանի սերունդը հասակ առած էր նման ծնողներու հոգատարութեան ներքեւ ու անոնց դրական յատկանիշները ժառանգած:
Ան կը յիշէ նաեւ ճոխ պարահանդէսները, որոնք տեղի կ’ունենային Հալէպի հանրային պարտէզին դէմ գտնուող Նատի Սաատ սրահին մէջ: Ատիկա Հալէպի առաջին հսկայ սրահն էր: Եգիպտոսէն,Պարսկաստանէն եւ այլ վայրերէ միջմասնաճիւղային խաղերու մասնակցելու համար Հալէպ ժամանած երիտասարդները հոն կ’ուղղուէին: Սեղաններ կը սարքուէին, ուրախ ու հաճելի ժամեր կ’անցընէին միասին:
«Թիլէլի շրջանին մէջ երեք կրթական օրրաներ կը գործէին: Առաջինը՝ Ազգային Հայկազեան վարժարանն էր, ուր կը յաճախէի: Այդ օրերուն մեր հայերէնի ուսուցիչը պրն. Եափուճեանն էր: Ընդհանուր տնօրէնն էր Արմէն Անոյշը: Հայ ուսուցիչին բեռը ծանր էր, ան անհուն զոհողութեամբ կը գործէր՝ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար: Ուսուցիչներէս կը յիշեմ նաեւ պրն.Թոփալեանը, պրն.Սիմոնեանն ու պրն.Դերձակեանը: Նախապէս Հայկազեան վարժարանը կը կոչուէր Ներսէսեան վարժարան: Հիմնադուած էր 1876-ին: Նոյն թաղամասին մէջ գտնուող կրթական երկրորդ օճախն էր Կիլիկեան վարժարանը: Հիմնադրուած՝ Հայկազեանէն 39 տարի վերջ,1915 թուականին: Հոս փակագիծ մը բանալով յիշեմ երկու գրադարանները` «Քրիստափոր»ն ու Ազգ. ՔԵ Ճեմարանի գրադարանը, ուրկէ գիրքեր փոխ կ’առնէին թէ՛ երիտասարդները, եւ թէ երէցները: Քրիստափոր գրադարանը առատ ու բազմատեսակ գիրքեր ունեցող շտեմարան մըն էր, որ Կիրակի օրերը կը բանար իր դռները ընթերցողներուն առջեւ: Երրորդ դպրոցը կը գտնուէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ կից, ձախ թաղին մէջ, որ կը կոչուէր Ուսումնասիրաց վարժարան (այժմ՝ Կրթասիրաց վարժարան): «Արեւելք» տպարանին, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Նոր Գիւղ,Կիլիկիա շէնքին մէջ, բուն կեդրոնը դպրոցին ներքնայարկն էր», կը յիշէ Մարութեան, այդ օրերու ջերմութիւնը վերապրելով ու մէկ առ մէկ վերակենդանացնելով տեսերիզի մը պէս պարզուող դէպքերն ու դէմքերը:
Ակումբային մթնոլորտի կարեւորութիւնը շեշտելուն համար, Մարութեանին հարց տուինք, թէ մեր օրերուն այդ մթնոլորտը կը պահպանուի՞ եւ որքանո՞վ կարեւոր է ներկայ սերունդին հոգեկերտուածքին համար:
Ան էական համարեց ընկերային մթնոլորտն ու հաւաքական աշխատանքը: «Մենք ակումբէն դուրս չէինք ելլեր, ներկայ պայմանները նկատի առնելով կը կարծեմ, որ կազմակերպիչ մարմիններուն պարտականութիւնը դժուարացած է: Հայութիւնը նօսրացաւ ու ապրելակերպը բոլորովին փոխուեցաւ: Հաղորդակցութեան արդիական միջոցները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն պատանիներուն եւ երիտասարդներուն վրայ: Այդ գործիքները անոնց ժամերէն խլելով կը հեռացնեն զիրենք ընկերային, միութենական կեանքէն, մեր ակումբներէն: Նորարար ոճով պէտք է նոր սերունդին հետաքրքրութիւնը շարժել, որպէսզի զայն մէկտեղենք հայկական կեդրոններու մէջ, հեռու պահենք այլասերումէ եւ ներկայիս տարածուող աղանդաւորական թէ այլ ջլատող հոսանքներէն», շեշտեց զրուցակիցս ու շնորհակալութիւն յայտնեց այս յիշատակները թուղթին յանձնելու «Գանձասար»ի նախաձեռնութեան համար:
Լարա Արթին