ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Մէկ տարուան պայմանագիրով, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբի խաղացող Ճեմմա Տաուլէ-Խանճեան միացաւ «Ճալաա» խումբին:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց երիտասարդական Հալէպի խմբաւորման երկրորդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմը 70-54 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀԵԸ-ը:
– Կիրակի օր բացուած յայտարարուեցաւ Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ռոմայի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան նախորդ Ուրբաթ օր, ամբողջացնելով իր ապաքինման շրջանը, վերադարձաւ խումբի մարզումներուն: Մխիթարեան Իտալիոյ առաջնութեան 6-րդ փուլի մրցումներուն ընթացքին Լէչէի հետ խաղին ստացաւ աճուկի վնասուածք մը, որուն հետեւանքով շուրջ չորս շաբաթ հեռու մնաց դաշտերէն: Այս մասին հայ ֆութպոլիստը յայտարարեց Ինստակրամի իր պաշտօնական էջով: Ըստ Calicomercato-ի, Մխիթարեան կրնայ խաղադաշտ վերադառնալ 2 Նոյեմբերին՝ Նափոլիի հետ խաղին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԶԻՏԱՆՆ ՈՒ ՓՈԿՊԱՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ 
Սպանիոյ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Զենատտին Զիտան Տուպայի մէջ հանդիպեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի ֆրանսացի միջնապահ Փօլ Փոկպայի հետ: Այս հանդիպումին անդրադարձաւ անգլիական Mirror՝ լրատուական կայքէջը: Ֆրանսացի մարզիչը Տուպայի մէջ մասնակցեցաւ արհեստական բանականութեան նուիրուած հաւաքին, իսկ Փոկպայի ոտքը վնասուելով վիրահատութեան համար այժմ կը գտնուի Տուպայ: Ամիսներէ ի վեր Զիտան կը փափաքի իր հայրենակիցը տեսնել Ռէալի մէջ: Փոկպայի պայմանագիրը Մանչեսթըրին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2021:
ՍՊԱՆԻՈՅ ՔԼԱՍԻՔՕՆ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ
Ըստ Cadena Ser-ին Սպանիոյ ախոյեանութեան 10-րդ փուլի Պարսելոնա ընդ Ռէալ Մատրիտի միջեւ տեղի ունենալիք քլասիքոյի հանդիպումը 26 Հոկտեմբերին ընթանալու փոխարէն յետաձգուեցաւ 18 Դեկտեմբերի, քաթալոնիայի մայրաքաղաքը անապահով ըլլալուն համար: Աղբիւրին համաձայն: Այս որոշումը առնուեցաւ 17 Հոկտեմբերին։ Խաղի ժամը պիտի որոշուի յառաջիկայ օրերուն:
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱ ԿՐՆԱՅ ՄԱՐԶԵԼ ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲ ՄԸ
Արմէնփրէս կը տեղեկացնէ, թէ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Փէպ Կուարտիոլա կրնայ իր մարզիչութեան ասպարէզը շարունակել Իտալական խումբի մը հետ: Ըստ Mundo Deportivo-ի, իտալական Միլանը 2020 թուականին առաջարկ պիտի ներկայացնէ Կուարտիոլային: Սպանացի մասնագէտին առաջարկներ ներկայացուցած են նաեւ իտալական տարբեր ակումբներ:
Աւելցնենք, որ Միլանի ղեկավարութիւնը կը փափաքի խումբը հասցնել եւրոպական մրցաշարքերուն: Այդ միտումով ալ ան կ’ուզէ պայմանաւորուիլ մասնագէտ մարզիչի մը հետ:
ԹՈԹԵՆՀԱՄԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐԸ ԴԺԳՈՀ ԵՆ ՄԱՐԶԻՉԷՆ
Լոնտոնի Թոթենհամի ֆութպոլիստները դժգոհ են խումբի արժանթինցի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիսիօ Պոչետինոյի աշխատանքէն: Ըստ Daily Mail-ին Խաղացողները կը կարծեն, որ մարզիչը սխալ աշխատանք տարած է ամառնային նախապատրաստական շրջանին։ Ազգային հաւաքականներուն մաս կազմող ֆութպոլիստները խումբ վերադառնալէ ետք հանգիստի ժամանակ չունեցան եւ անմիջապէս սկսան իրենց մարզումները: Աւելցնենք, որ Անգլիոյ առաջնութեան 8-րդ փուլէն ետք Թոթենհամ 11 կէտով կը գրաւէ աղիւսակի 9-րդ հորիզոնականը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան