Գիշեր մը պատշգամ նստած մութ երկինքը դիտելով կը խորհէի… ահաւասիկ աշունը կը տարածէ իր գոյները ամէնուրեք, օդը կը զովանայ, ձմեռը վրայ հասնելու է շուտով…։
Ե՞րբ սկսաւ, ե՞րբ աւարտին հասաւ աշունը: Կարծէք երէկ էր. նստած օրերը կը հաշուէի ու անհամբեր կը սպասէի ամրան արձակուրդին։ Հիմա աշուն է արդէն:
Համակարգիչս բանալով փորձեցի վերյիշել արձակուրդիս զուարճալի պահերը: Ժամանակին մէջ ճամբորդութիւն մը կատարեցի եւ վերապրեցայ հայրենիքիս մէջ անցուցած անմոռանալի օրերս։
Անզգալաբար հասայ 2018 թուական: է՜հ… ի՛նչ հաճելի օրեր էին: Արցունքս սրբելով դիտեցի մեր դասարանի խենթ ու խելառ պահերուն տեսերիզները: Որքա՜ն կ’ուզեմ գէթ մէկ օր դասարանիս գրասեղաններուն ետեւը նստիլ ու կրկին ապրիլ այդ հաճելի վայրկեանները, դպրոցական օրերը:
Մայրս յաճախ կ’ըսէր, թէ պիտի կարօտնամ այդ օրերը: Չէի հաւատար: Իրաւունք ունէր սակայն, շա՜տ կարօտցած եմ ճեմարանի առօրեաս, ընկերներուս հետ ապրած ուրախութեան եւ մտահոգութեան պահերս։
Արցունքս չկրցայ զսպել, երբ լսեցի կենսուրախ Վանային ձայնը, որ միշտ կը հնչէր դասարանէն ներս։ Գրիչս անկարող էր արտագրելու զգացումներս… Կարօտ, յուզմունք եւ ափսոսանք:
Յիշատակներ… յիշատակներ, որոնք չեն խամրիր։
Համակարգիչս փակեցի ու խորհեցայ, թէ ինչքա՜ն արագ կը սահի ժամանակը: Դեռ երէկ էր, կարծէք, դասարանը նստած կը գանգատէի ժամանակին անշարժութենէն, քանի որ դասերու ծանրաբեռնուածութիւնը դժգոհութիւն կը յառաջացնէր յաճախ: Ինչ իմանայի, որ այդ օրերը ակնթարթի մը պէս պիտի սահէին ու անկրկնելի դառնային:
Ժամանակը կը սահի, յիշատակները կը մնան յաւերժ։
Մարինա Ասատուրեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ