Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին ծիրին մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը:
Մետվետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին` խորհուրդի նախագահութեան ստանձնման համար: «Այդ նախագահութիւնը ստանձնելը ինքնին իւրայատուկ արուեստ է, որովհետեւ կրնան ստեղծուիլ որոշ իրավիճակներ` լուծում պահանջող: Դուք արժանաւորապէս շարունակեցիք այս ընթացքը ուրիշներէն ետք: Ասիկա լաւ առիթ է քննարկելու նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, ներդրումները, մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Ընդհանուր առմամբ` մեր երկիրներուն միջեւ ամէն ինչ բարեյաջող կերպով կը զարգանայ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ կատարելագործելու ոչինչ կայ: Կան որոշ հարցեր, զորս պէտք է քննարկել, եւ ես հաճոյքով կ՛ընեմ ատիկա», յայտնեց Ռուսիոյ վարչապետը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ խորհուրդի նախագահութեան Հայաստանի պաշտօնը աւարտին հասաւ արդէն:
«Կ՛ուզեմ նշել, որ անիկա բեղմնաւոր էր, քանի որ այս տարի ուժի մէջ մտաւ ԵՏՄ-Իրան համաձայնագիրը, համաձայնագիր կնքեցինք նաեւ Սինկափուրի հետ, այսօր կնքեցինք ազատ առեւտուրի համաձայնագիր Սերպիոյ հետ: Կը կարծեմ` մեր գործընկերներուն հետ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան: Համոզուած եմ, որ պիտի ընդլայնուի այն երկիրներու աշխարհագրութիւնը, որոնք համաձայնագիրներ ունին ԵՏՄ-ի հետ: Ասիկա նաեւ լաւ առիթ է մեր երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու քննարկման համար», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան: