«Թերթ».-Ատրպէյճանի ընդդիմադիր «Ժողովրդավարական Ուժերու Ազգային Խորհուրդ» կազմակերպութիւնը 2 Նոյեմբերը բողոքի օր նշանակած է: Բողոքի ցոյցերը պիտի սկսին ժամը 15:00-ին:
Ընդդիմութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն առաջարկած է համաձայնիլ ցոյցի վայրին գծով՝ «Մահսուլ» մարզադաշտին կա՛մ «28 Մայիսի» գետնուղիի մերձակայ հրապարակին մէջ իրականացնելու զայն:
«Մենք առաջարկած ենք փոխզիջումային տարբերակ: Մենք կրնանք շարժումը կատարել նաեւ «Մահսուլ» մարզադաշտին մէջ: Բայց եթէ կառավարութիւնը կրկին համաձայնութիւն չտայ այդ վայրին, մենք մեր ցոյցը կը կատարենք «28 Մայիսի» գետնուղիին դիմաց», ըսած է ընդդիմութեան ներկայացուցիչը:
Անոր համաձայն, այս շարժումը ատրպէյճանցի ժողովուրդի կամքին դրսեւորումն է:
«Այս որոշումը մենք ընդունեցինք` զգալով ընկերային ցանցերու մէջ ժողովուրդի աջակցութիւնը: Բաւական մեծ թիւով մարդիկ կը պահանջեն ցոյցի կատարումը: Մենք կը զգանք նոր ազգային շարժման սկիզբը», աւելցուցած է Քերիմլին:
Այս տարուան 19 Յունուարին ընդդիմութեան ցոյցէն ետք, իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած Պաքուի սահմաններէն ներս ցոյցեր կատարել:
Քաղաքային իշխանութիւնները ցոյց իրականացնելու համար կ’առաջարկեն Լոքպաթան գիւղի մարզադաշտը, որ կը գտնուի Պաքուէն 20 քմ հեռաւորութեամբ:
Ընդդիմութիւնը անընդունելի կը համարէ շարժումը քաղաքին մէջ կատարելը:
Յիշեցնենք, որ 19 Հոկտեմբերին ընդդիմութիւնը բողոքի փորձ ըրաւ քաղաքի կեդրոնը, որ կոշտ միջոցներով ճնշուեցաւ ոստիկանական ուժերուն կողմէն: