«Ասպարէզ».-17-էն 18 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր տարեկան ժողովին ընթացքին Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը (ՀԱՀԽ) սերտեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին վրայ թրքական բանակի միակողմանի յարձակումը եւ անոր ահաւոր հետեւանքը շրջանի բնակիչներուն վրայ։ Ժողովի աւարտին, Գործադիր յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը.
«ՀԱՀԽն խիստ կերպով կը դատապարտէ ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ կատարուած միջազգային եւ մարդկային իրաւուքներու ոտնահարումը, այլ նաեւ քիւրտ, արաբ, եզիտի, ասորի եւ հայ փոքրամասութիւններուն դէմ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան արարքները:
ՀԱՀԽն կոչ կ՛ընէ ՄԱԿին եւ միջազգային հասարակութեան՝ դատապարտելու Թուքիան՝
ա. Սոյն ապօրինի յարձակման համար, որուն զոհ դարձան բազմաթիւ մարդիկ եւ տեղի ունեցան իրերու եւ ինչքերու մեծ կորուստներ.
բ. Զինուորական ներխուժման պատճառով հազարաւոր ընտանիքներու ակամայ գաղթը.
գ. Տեղի ունեցող ցեղասպանական արարքները:
ՀԱՀԽն նաեւ կոչ կ՛ընէ ՄԱԿին եւ միջազգային հասարակութեան՝ անմիջական քայլեր առնել վերջ տալու համար արիւնահեղութեան, ապահովելու համար հազարաւոր գաղթականներու տուն վերադարձը եւ Սուրիոյ քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար:
ՀԱՀԽի սրտանց աղօթքն է, որ շուտով վերահաստատուի խաղաղութիւնը»: