«Ասպարէզ».- Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճօ Պաղտատլեանին, որ իր թեկնածութիւնը դրած է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 4րդ ընտրատարածքի 2020ի ընտրութիւններուն։
Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեան կը յայտնէ, թէ որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով քաղաքին ապագային նկատմամբ Պաղտատլեանի տեսլականը եւ ցարդ ամերիկահայութեան տրամադրած անոր յատկանշական զօրակցութիւնը։
Իր կարգին, Պաղտատլեան կը յայտնէ, թէ աշխատանքի աւելի որակաւոր առիթներ կ՛ուզէ ապահովել իր ընտրատարածքի բնակիչներուն, նոյն ժամանակ կը փափաքի աւեի հաշուէտու դարձնել քաղաքի կառավարութիւնը։
Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի խորհրդակցական մարմինի անդամ Պաղտատլեան հանրային ապահովութեան մարզին մէջ երկար տարիներու փորձառութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ բնակարանատէրերու իրաւանց ջատագով է ու երկար տարիներ կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է զանազան բարեսիրական կազմակերպութեանց միջոցաւ։ 1973ին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Պաղտատլեան եւ անոր ընտանիքը սեփականատէրն են ինքնաշարժներու նորոգութեանց շարք մը հաստատութիւններու։
Յիշեցնենք, որ Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 2016ին իբրեւ «Տարուան բարեկամներ եւ համակիրներ» մեծարած էր տէր եւ տիկին Ճօ եւ Հուրի Պաղտատլեանները։