«Էրմէնիհապեր».-ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին քննարկուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը Թուրքիոյ «Խաղաղութեան աղբիւր» զինուորական գործողութեան եւ Սոչիի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրին նիւթերը:
ՄԱԿ-ի ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Մայքլ Պարքին յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ հաւատարիմ պիտի մնայ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած զինադադարին եւ պիտի պաշտպանէ քաղաքացիները:
Անոր համաձայն, եթէ հաստատուին այն տեղեկութիւնները, որ Թուրքիոյ աջակցող Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումները դիտաւորեալ թիրախաւորած են քաղաքացիներ, այդ դէպքերը կրնան որակուիլ որպէս պատերազմական յանցագործութիւն:
Նիւթին շուրջ ՄԱԿ-ի Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ Ֆերիտուն Սինիրօղլու ըսած է. «Պէտք է հետաքննուի միջազգային իրաւունքի որեւէ խախտում եւ մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»:
Սինիրօղլու ակնարկած է, որ հետաքննութեան մէջ պէտք է ընգրկուին նաեւ ամերիկացի եւ իրենց միւս դաշնակիցներուն կազմակերպած զինուորական գործողութիւնները: