Լիբանանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումին տուն տուող պատճառներուն եւ ՀՅԴ ԿԿ-ի տեսակէտներուն շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ:  Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.

«Գանձասար»– Որո՞նք են Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւնները, որոնց հետեւանքով ժողովուրդը նման տարողութեամբ ցոյցերով իր պոռթկումը արտայայտեց։

Շահան Գանտահարեան– Պոռթկումի կամ ժողովրդային ցասումի շարժառիթները առաւելաբար կենցաղային հարցերու կը վերաբերին․ հարկային քաղաքականութիւն, ծառայութիւններու ապաշնորհ կառավարում, ելեկտրականութեան, ջուրի եւ նման կենսական հարցերու առնչուող անլոյծ թղթածրարներու սառած վիճակ։ Կ՛աւելնան նաեւ քաղաքացիական շարժումներու բարձրացուցած հարցեր՝ կենսոլորտայինէն մինչեւ աշխատաւորներու իրաւունքներ, եւ այլն։ Բաժակին յորդեցման պատճառ դարձած գործօնները կարելի է այսպէս բանաձեւել։ Իսկ քաղաքական բաժինը՝ այլ նիւթ է, որ բնականաբար իր հիմնական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ հարցերու կուտակման եւ քաղաքացիի իրավիճակին բարդացման վրայ։

«Գ.»– Ձեր կարծիքով, տարածաշրջանի քաղաքական եւ զինուորական իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմական վիճակը իրենց անդրադարձը ունեցա՞ծ են տնտեսական հարցերու բարդացման վրայ։

Շ.Գ.– Բնականաբար երկու առանցքային ուղղութեամբ սուրիական պատերազմը իր անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ․ նախ Լիբանանի տնտեսութեան որոշակի  կախեալութիւնը հարեւան Սուրիայէն՝ գիւղատնտեսութեան ոլորտէն մինչեւ ընդհանրապէս ապրանքաշրջանառութեան ոլորտ։ Տնտեսական վիճակագրական թիւերը երկու ուղղութեամբ ծաւալած գործառնութիւներու մասին այս առումով ցուցիչ տուեալներ կը փոխանցեն։ Երկրորդը անշուշտ գաղթականական զանգուածային տեղակայումները Սուրիայէն դէպի Լիբանան, որոնք բնականբար տնտեսական յաւելեալ ծանրութիւն կը բեռցնեն պետական պիւտճէին վրայ։

«Գ».- Որո՞նք են հարցերու լուծման պատկերացումները։ Ժողովուրդը յստակ կերպով բանաձեւա՞ծ է իր պահանջները։

Շ.Գ.– Բողոքարկող զանգուածը չունի ներկայացուցչական մարմին, որ լիազօրուած է բոլորին անունով պահանջներ ներկայացնելու։ Երեւոյթը մարտավարակա՞ն է, թէ տարերային երկու ուղղութեամբ ալ վարկածներ գոյութիւն ունին․ սակայն պատկերասփիւռի պաստառներուն առջեւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ վանկարկումներն ու ցուցարաներուն կողմէ ներկայացուող պահանջները կը վերաբերին կառավարութեան հրաժարման, անցումային կառավարութեան կազմութեան՝ բացառիկ լիազօրութիւններով, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման եւ միջհամայնքային համակարգի վերափոխման։

Ասոնց կ՛ընկերակցին անշոշտ ապօրինի հարստացման բացայայտումներ, դատական յատուկ նիստեր եւ պետական պիւտճէի վերականգնման պահանջներ։

«Գ.»– Որո՞նք են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէին տագնապէն դուրս գալու առաջադրանքները եւ ինչպիսի՞ քայլերու դիմած է ան այս ուղղութեամբ։

Շ.Գ.– Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը տարբեր առիթներու թէ՛ նախագահին, թէ՛ վարչապետին, թէ՛ կառավարութեան նիստերուն եւ թէ մամուլին յայտարարած է, եւ այդ ուղղութեամբ ալ բանակցութիւներ վարած, արտակարգ քայլերու դիմելու, ամենաարագ միջոցին անընդունելիօրէն ձգձգուած հարցերուն լուծում բերելու, աշխատաւորներու իրաւունքները ամբողջական առումով յարգելու եւ քաղաքացիներու բողոքներուն ունկնդիր դառնալով հանգուցալուծումներու առաջնորդուելու կարեւորութեան մասին. միաժամանակ զգուշացնելով լարուած մընոլորտներու մէջ ներքաշուելէ , ապահովական խախտումներ ստեղծելէ, որոնք կրնան դուռ բանալ օտար միջամտութիւններու։ Կեդրոնական Կոմիտէն միշտ շեշտած է հարցերուն խաղաղ բանակցային լուծում բերելու անհրաժեշտութիւնը։

«Գ.»– Շնորհակալութիւն: