Շամ Թայմզ հաղորդեց, որ Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ի գիշերուան ժամը 12։30-ին, ամերիկեան-թրքական ուժերուն պատկանող 8 օդանաւեր յարձակում գործեցին ՏԱՀԵՇի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի թաքստոցին վրայ, որ կը գտնուի Իտլիպի Պարիշա արեւմտեան շրջանին մէջ։
Աղբիւրին համաձայն, ամերիկեան ուժերուն նպատակը Պաղտատիի ողջ ձերբակալումն էր, սակայն ան ինքզինք պայթեցուց նախքան ձերբակալուիլը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով 9 մեռեալ արձանագրուած է, անոնց մէջ ըլլալով Պաղտատիի կինն ու զաւակները։