Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատ նախագահական պալատէն ներս ընդունեց Սուրիոյ պետական քննութեանց միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու առաջնակարգ հանդիսացող աշակերտներու վարժարաններուն տնօրէնները։

Այս պատուաբեր առիթով սուրիահայ վարժարաններէն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Հալլաճեան` 2018-2019 պրովէի պետական քննութիւններուն Շազա Տիպէին ամբողջական նիշ ապահովելուն համար եւս հրաւիրուած էր նախագահական պալատ։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող սոյն հանդիպումին, շնորհաւորանքի փոխանակման կողքին, արծարծուեցան կրթական համակարգին առնչուող նիւթեր։