Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։

Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր յայտնեց, թէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, Սուրիա ներխուժելու հարցով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող թիւ 4695 բանաձեւին կողքին։
Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հեռաձայնային արշաւի մը սկսած էր՝ ANCA.org/call հասցէով, քոնկրեսականները ի նպաստ բանաձեւին քուէարկելու մղելու համար:
«Մինչ նախագահը տեղի կու տայ Էրտողանի ճնշումներուն դիմաց, Քոնկրեսին պարտականութիւնն է պաշտպանել Ամերիկայի շահերը՝ ցոյց տալով, թէ կարելի չէ արտօնել բռնատէրերու, որ առեւանգեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ հաստատելու համար, որ ամերիկան արժէքները ծախու չեն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: