ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռաս ուլ Այնի հարաւարեւմտեան Մապրուքէ աւանին մէջ սուրիական բանակը պաշարեց թուրքմենական «Սուլթան Մուրատ» զինեալ խմբաւորումէն 150 ահաբեկիչներ, որոնք թրքական բանակին կողքին կը պատերազմէին Ռաս ուլ Այնի մէջ:

Աղբիւրին համաձայն, անոնք Ռաս ուլ Այնի բնակարանները եւ բնակիչներուն ունեցուածքը թալանած ու ոճիրներ գործած էին: