ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ ՀՄԸՄ-ական հաւատաւոր եղբայր, ատամնաբոյժ Զաւէն Բախտիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ին, Սպանիոյ մէջ:
Եղբ. Զաւէն ազգային կեանքէն ներս զանազան պաշտօններ վարած է: Ատենապետութեան յանձնառու պաշտօնը ստանձնած է Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան, Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ Խորհուրդին եւ Հալէպի Վարչութեան կազմերուն մէջ:
Հանգուցեալ եղբօր հոգեհանգստեան պաշտօնը Հալէպի մէջ պիտի կատարուի Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Արամ Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: