«Երկիր».- ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յայտնէ. «Մեծ հարուած հասցնելով Անգարայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար արդարութեան հասնելու ճիգերու խոչընդոտման` ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը 29 Հոկտեմբերին ճնշող մեծամասնութեամբ ի նպաստ քուէարկեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին, որ պաշտօնապէս կը մերժէ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը հայերու, յոյներու, ասորիներու, քաղդէացիներու, սուրիացիներու, մարոնականներու եւ շարք մը այլ քրիստոնեայ ազգերու նկատմամբ իր կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան համար: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը ընդունուեցաւ ձայներու` 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ»:
Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ըսաւ. «ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՛ողջունէ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի քուէարկութիւնը, որ վերջ կը դնէ Ամերիկայի պատմութեան մէջ ամենաերկարատեւ, օտար վեթոյին: Այժմ մենք պէտք է վճռականօրէն շարժինք հասնելու մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ իրագործած ոճրագործութեան ճշմարիտ, արդար եւ համապարփակ լուծումին, որ խլեց աւելի քան 1,5 միլիոն անմեղ հայերու կեանքը: Հակառակ անոր որ շատ բան կարելի է ըսել քուէարկութեան մասին, բայց ամէն ինչ պարզ է: Նախ` այս քուէարկութիւնը բացայայտեց, որ Անգարան կը շարունակէր Ամերիկան ներգրաւել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով արդարութիւնը խոչընդոտող երկիրներուն ցանկին մէջ: Երկրորդ` այս քուէարկութիւնը Ամերիկան դասեց արդարութեան կողմը: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն ու վերապրած սերունդներուն համար պահանջուող այն արդարութեան, որ շատ երկար ժամանակ մերժուած էր»:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թիւ 296 բանաձեւը կը սահմանէ`
1) Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը մերժել,
2) ԱՄՆ-ի պաշտօնական կառավարութեան կողմէ այս յանցագործութեան ճանաչումն ու ոգեկոչումը իրականացնել,
3) Աջակցութիւն տրամադրել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթական ծրագիրներու համար` ժամանակակից վայրագութիւնները կանխելու նպատակով: