“Ազատութիւն”._Անգարան դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէն ու պնդած, թէ ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունուած որոշումը «ոչ մէկ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան համար»:

Քուէարկութենէն վայրկեաններ անց, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն գրառում կատարած է Թուիթըրի իր էջին վրայ՝ տեղի ունեցածը Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ իրականացուցած ռազմական գործողութիւններուն հետ կապելով: «Անոնք, որոնց ծրագիրները ձախողած են, կը դիմեն հնաոճ բանաձեւերու օգնութեան», գրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, «Այն շրջանակները, որոնք կը հաւատան, թէ այս ձեւով կրնան վրէժ լուծել, կը սխալին: Պատմութիւնը քաղաքական նպատակներով օգտագործելու այս ամօթալի որոշումը առ ոչինչ է մեր կառավարութեան եւ ժողովուրդին համար»: