Թուրք վեր­լու­ծա­բան Ճենք Պաշ­լա­մըշ հրա­պա­րա­կած է ռուս-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին ու­շագ­րաւ յօդուած, ուր բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան դի­տար­կում­ներ եւ կար­ծիք­ներ կը յայտ­նէ:
Վեր­լու­ծե­լով վեր­ջին շր­ջա­նին ռուս-թր­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը, յատ­կա­պէս Սուր­իոյ ճգ­նա­ժա­մի գծով` վերլուծաբա­նը խոր­հուրդ կու տայ չհա­ւա­տալ այն տե­սիլ­քին, թէ Ռուս­ի­ան ու Թուրք­ի­ան պի­տի դառ­նան ռազմավարական գոր­ծըն­կեր­ներ: Անոր կար­ծի­քով, Ռուս­իա ամէն մի­ջո­ցով պի­տի փոր­ձէ թուլց­նել Թուրք­իոյ դիր­քե­րը:
Յօդ­ուա­ծին հե­ղի­նա­կը դի­տել կու տայ, որ թէ­եւ թուրք-ամե­րիկ­եան լա-ր­ուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց ռուս-թրքական յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը օրէ-օր կ’ամ­րապնդ­ուին, այն­ուա­մե­նայ­նիւ այդ ամէ­նը չի կր­նար յան­գեց­նել այն արդիւնքին, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը դառ­նան ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր­ներ:
Ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր­ներ դառ­նա­լու հա­մար Ռուս­ի­ան կը խան­գա­րէ տարբեր հան­գա­մանքներ, որոնցմէ մէ­կը պատ­մա­կան դառն փոր­ձա­ռու­թիւնն է: Հե­ղի­նա­կը կը յի­շեց­նէ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը իրենց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նպատակ­նե­րուն հա­մար բազ­միցս պա­տե­րազ­մած են իրա­րու դէմ:
«Ճիշդ է, եղած են պա­րա­գա­ներ, երբ եր­կու եր­կիր­նե­րը նա­եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցած են, սա­կայն այդ գոր­ծակ­ցու­թիւնը ռազմավարա­կան բնոյթ չէ կրած: Երբ անոնց շա­հե­րը հա­մընկ­նած են, հա­մա­գոր­ծակ­ցած են, իսկ երբ այդ շա­հե­րը ան­հե­տա­ցած են, եր­կու եր­կիր­նե­րը յայտն­ուած են հա­կա­դիր բե­ւեռ­նե­րու մէջ»:
Անդ­րա­դառ­նա­լով սուր­ի­ա­կան ճգ­նա­ժա­մի շր­ջա­գի­ծին մէջ ռուս-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ թուրք վեր­լու­ծա­բա­նը կը գրէ, որ ներ­կա­յիս պայ­ման­նե­րը կը թե­լադ­րեն, որ տե­ղի ու­նե­նայ ռուս-թր­քա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն: Թուրք­ի­ան շատ լաւ կը հասկ­նայ, որ Սուր­իոյ մէջ պայ­ման­ներ թե­լադ­րո­ղի դե­րը Ռու­սաս­տա­նինն է, եւ առանց ռու­սա­կան կող­մին թոյլտուութեան՝ Ան­գա­րան ոչինչ կր­նայ ընել: Միւս կող­մէն, ըստ յօդ­ուա­ծա­գի­րին, Ռուս­իա կը հասկ­նայ, որ Սուր­իոյ մէջ կա­յու­նու­թիւն ապա­հո­վե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է Թուրք­ի­ան պա­հել մօ­տիկ եւ ին­չո՞ւ չէ, եր­բեմն կա­տա­րել թր­քա­կան կող­մին պայ­ման­նե­րը, ինչ­պէս եղաւ վեր­ջերս, երբ Թուրք­ի­ան քիւր­տե­րուն դէմ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն սկ­սաւ:
«Պատ­կե­րաց­նենք, որ Թուրք­ի­ան իրա­կա­նու­թեան մէջ կը հրա­ժա­րի Արեւ­մուտ­քէն. ի՞նչ պի­տի ընէ Ռուս­ի­ան նման պայմաններու մէջ», հարց կու տայ հե­ղի­նա­կը:
Պաշ­լա­մը­շի հա­մա­ձայն, Ռուս­իոյ ձեռն­տու չէ Թուրք­իոյ եւ Արեւ­մուտ­քի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան վատթա­րա­ցու­մը: Ըստ անոր՝ Մոս-կ­ուա­յին ձեռն­տու են այն վե­րելք­ներն ու վայ­րէջք­նե­րը, որոնք առ­կայ են Թուրք­իա-արեւ­մուտք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ:
Անոր կար­ծի­քով, Ռուս­իա որ­քան ալ յա­ւակ­նոտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րէ, իրա­կա­նու­թեան մէջ կը փա­փա­քի, որ միջազ­գա­յին ներ­կայ դա­սա­ւո­րու­մը պահ­պան­ուի: Մոսկ­ուան շատ լաւ գի­տէ, որ չու­նի այն­քան նե­րուժ, որ­պէս­զի նո­րո­վի վե­րա­դա­սա­ւո­րէ աշ­խար­հը:
«Եթէ որե­ւէ մէ­կը կը մտա­ծէ, որ Ռուս­իա գր­կա­բաց կը սպա­սէ Թուրք­իոյ, կը սխա­լի: Կը սխա­լին յատ­կա­պէս անոնք, որոնք կը մտա­ծեն, թէ Ռուս­ի­ան մոռ­ցած է զի­նուո­րա­կան իր օդա­նա­ւին ջախ­ջախ­ման դէպ­քը: Այս ամէ­նուն հա­մար կան շատ պարզ պատ­ճառ­ներ: Ռուս­ի­ան Թուրք­ի­ան չի հա­մա­րեր «իրը», ինչ որ չենք կր­նար ըսել Ուք­րան­իոյ, Հա­յաս­տա­նի, Խա­զախս­տա­նի կամ նոյ­նիսկ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին: Այդ եր­կիր­նե­րը, որոնք եր­կար ժա­մա­նակ մնա­ցած են ռու­սա­կան մշա­կոյ­թին ազդեցութեան տակ, Ռուս­իոյ հետ ընդ­հա­նուր անց­եալ ու­նին: Իսկ Թուրք­ի­ան ռու­սե­րուն հա­մար օտար է եւ այդ­պէս ալ կը մնայ»: