ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ հանդիպումին` մեկնաբանելով Սպիտակ տան քաղաքականութիւնը ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէն բանաձեւի ընդունման ազդեցութեան մասին յայտնեց, որ Սպիտակ տունը ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ, եւ ոչ ոք չի կրնար անոր վրայ ազդել:
Անոր խօսքին համաձայն, նման բանաձեւ կայ Ծերակոյտին մէջ, իսկ հետագայ քաղաքականութիւնը կախեալ է ներկայ եւ ապագայ նախագահներէն: «Որեւէ պարագային, ան Սպիտակ տան որոշումը պիտի ըլլայ: Սպիտակ տունը անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ», ընդգծած է Մանոյեան` աւելցնելով, սակայն, որ ան եւս պէտք է հաշուի առնէ բնաբանը: «Օրէնսդիր մարմինը չի կրնար ստիպել Սպիտակ տան: Սա քաղաքական քայլ էր, քաղաքական յաղթանակ, եւ գործընթացը պէտք է շարունակել: Հարցը կը վերաբերի ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլեւ ցոյց կու տայ ԱՄՆ հայկական համայնքի ուժը», դիտել տուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Քոնկրէսի շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամէնամեայ նախաձեռնութիւն` նուիրուած Արցախին: Անոր կը մասնակցի Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը:
Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելուն համար Կիրօ Մանոյեան նկատած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ չկայ եւ հազիւ թէ երբեւէ կ’ընդունուի օրէնք ժխտումը քրէականացնելու մասին` նկատի առնելով, որ ամերիկացիները բազմապաշտութեան (բլուրալիզմի) կողմնակիցներ են: Այդ հարցին անոնք այլ ձեւով կը մօտենան եւ նման գործողութիւնները կրնան անուանել ատելութեան սերմանում, աւելցուցած է Մանոյեան:
Խօսելով Թուրքիոյ հետագայ գործողութիւններուն մասին, Մանոյեան ըսաւ, որ այդ երկիրը կը փորձէ պառակտել հայերը: «Եւ այդ քաղաքական մարմնամարզութիւնը բացասաբար կ’անդրադառնայ թրքական հասարակութեան վրայ: Երդուեալ մերժողները պիտի մնան իրենց կարծիքին կառչած, իսկ մտածող մասը ալ աւելի շատ պիտի մտածէ», եզրափակած է Կիրօ Մանոյեան: