ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 296 թուակիր բանաձեւը։
Քոնկրեսականներ բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւններ տալով յստակօրէն արտայայտուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, տապալելով բոլոր այն ջանքերը, զորս Թուրքիան տարիներ շարունակ, հսկայ գումարներ մսխելով, ի գործ կը դնէր՝ կասեցնելու արդարութեան հաստատման նպաստող իւրաքանչիւր փորձ եւ նման նիստերու օրակարգերէն դուրս պահելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ, նոյնիսկ չունենալով օրէնքի ուժ, նման բանաձեւեր մեծ պետութիւններու նման հարթակներուն վրայ արծարծուելով կը նպաստեն հանրային կարծիքի ձեւաւորման, իսկ հանրային կարծիքը, յատկապէս գերպետութիւններու քաղաքական նման բեմերէ հնչած բանաձեւերու լոյսին տակ, ազդելու, որոշումներ գոյացնելու եւ օրէնքներ հաստատելու ազդեցութիւն ձեռք կը բերէ ե՛ւ տուեալ երկրին, ե՛ւ այլ երկիրներու մէջ, միշտ քաղաքական ճիշդ պահուն, քաղաքական ճիշդ աշխատանքներ տանող կողմերուն ծրագրեալ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք:
Այս իմաստով, Հայ Դատի յանձնախումբերը պահը լաւագոյնս օգտագործելով, քաղաքական, մասնագիտական հետեւողական աշխատանքով, տիրապետած ըլլալով ԱՄՆ-ի քաղաքական դաշտի օրէնքներուն, ազդեցիկ ուժ դառնալու կարելիութիւնը նուաճած են տարիներու իրենց փորձառութեան շնորհիւ:
Բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ ոճիրին զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին, կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման կտրական մերժումը եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը կը հաստատէ, իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման միջոց: Աւելին՝ ան համարձակ քայլ մըն է Միացեալ Նահանգները զերծ պահելու թրքական ճնշումներէն եւ զինք ուրացման քաղաքականութեան մեղսակից դարձնելու նկրտումներէն:
Որքան տարածում գտնէ նման բանաձեւերու ընդունումը, այնքան կ’ամրագրուին մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին անվտանգութեան երաշխիքները:
Ամերիկահայ համայնքին կազմակերպուած աշխատանքին արգասիքն է նաեւ սա, որ ցոյց կու տայ, թէ Հայ Դատի պաշտպանութեան զինուորագրուած նուիրեալները արթուն կը հսկեն քաղաքական տարբեր բեմերու վրայ, ճիշդ պահը, ճիշդ քաղաքական աշխատանքով օգտագործելու եւ զայն ծառայեցնելու մեր դատին, մեր ժողովուրդին, արդարութեան վերականգնումի երկար, դժուար, բայց յաղթահարելի ուղիին:
Քաղաքական դաշտը հաշուարկներու թնճուկ մըն է: Իսկ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը այդ դաշտին մէջ բացուած ճամբէն կ’ընթանայ նաեւ: Ճամբան երկար է, մանուածապատ, բայց յուսալից, այնքան ատեն որ քաղաքական հաշուարկները ատենին օգտագործելու համար արթուն միտքեր կը հսկեն մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն իրականացման գործընթացին:

«Գ.»