ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին հրաւէրով «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպական կառոյցի ընդլայնուած խորհրդաժողովը, որուն օրակարգին լուծման ընթացքին երկրի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ բարոյահոգեբանական իրավիճակի քննութիւնը , ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու գնահատումը, կուսակցութեան հետագայ մարտավարական քայլերու յստակացումը կատարուեցաւ:
Անդրադառնալով իշխանափոխութեան յաջորդած ժամանակահատուածին, ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքականութեան ու ընթացիկ զարգացումներուն, խորհրդաժողովը արձանագրեց, որ իշխանութեան ամբոխավարական մօտեցումները, ժողովրդային շարժման նպատակներու եւ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան միջեւ խորացող տարբերութիւնները, արցախեան բանակցութիւններուն ՀՀ-ի եւ Արցախի դիրքերուն թուլացումը, Հայաստանի զինուած ուժերուն հրամանատարական կազմին հեղինակազրկումը, արտաքին քաղաքականութեան ձախողումները, ռազմավարական ծրագիրներու բացակայութիւնը, գործողութիւններու եւ վարքագիծի անկանխատեսելիութիւնը, օտարածին օրակարգերու սպասարկման պատրաստակամութիւնը, ազգային եւ պետական շահերու ստորադասումը նեղ անձնական եւ խմբակային ձգտումներուն, այլակարծութեան մերժումը, պետական կառավարման համակարգի հայեցողական մօտեցումներով առաջնորդուիլը, անձնակազմի ձախող քաղաքականութիւնը, բռնութեան մշակոյթի խրախուսումը լուրջ մարտահրաւէրներ ստեղծած են երկրի կայուն զարգացման համար :
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները, յառաջիկային հանդէս պիտի գայ երկրի բնականոն զարգացման ընթացքը ապահովելու ուղղուած համապատասխան գործողութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
31 Հոկտեմբեր 2019 թ.