Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէ ներս փո­փո­խու­թեանց իրա­գոր­ծու­մը կը հա­մար­ուի բարդ եւ տագ­նա­պա­լի հարց մը, որովհե­տեւ մարդ էա­կը բնազ­դա­բար կը նա­խընտ­րէ ըն­թա­ցի­կը, ծա­նօ­թը, ըն­տա­նին, հե­զա­սա­հը, ոչ-տաղտ­կա­լին, փորձուա­ծը, անց­եա­լէն կտակ­ուա­ծը… Մինչ տա­րա­կու­սան­քով կը մօ­տե­նայ ամէն երե­ւոյ­թի որ ար­տա­սո­վոր է, ան­ծա­նօթ, ան­հարթ, անո­րոշ, տա­ժա­նե­լի, փո­թոր­կոտ եւ ցն­ցիչ։
Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեն­ցա­ղին մէջ ար­մատ նե­տած բա­զում սո­վո­րու­թիւն­ներ, ան­կախ իրենց օգ­տա­գոր­ծու­մէն թէ վնասակա­րու­թե­նէն, տրա­մա­բա­նա­կան կամ անտ­րա­մա­բա­նա­կան ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քէն իբ­րեւ ան­ձեռնմ­խե­լի եւ անվերա­տե­սե­լի ժա­ռան­գու­թիւն­ներ եր­կար ատեն գո­յա­տե­ւած են զի­րենք ստեղ­ծող զանգ­ուած­նե­րու կեան­քին մէջ՝ փոխանց­ուե­լով դա­րէ-դար եւ սե­րուն­դէ-սե­րունդ։
Վե­րա­դառ­նա­լով պատ­մու­թեան, պի­տի նկա­տենք, որ կրօ­նա­կան տար­բեր վար­դա­պե­տու­թիւն­ներ իրենց քա­րոզ­չա­կան եւ զին­եալ ար­շաւ­նե­րով յա­ճախ յա­ջո­ղած են նուա­ճել շատ մը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խիղճն ու հո­գին եւ փո­խել անոնց հա­ւատքն ու կրօ­նը, սա­կայն առ­հա­սա­րակ ձա­խո­ղած են ար­մա­տա­խիլ ընել կամ փո­փո­խու­թեան են­թար­կել անոնց աւանդութիւններն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը։ Հո­գե­ւոր շար­ժում­ներ շօ­շա­փե­լով այն ջերմ սէրն ու աներկ­բայ հա­մա­րու­մը, զորս մար­դիկ կը տա­ծեն իրենց աւան­դու­թեանց եւ բար­քե­րու նկատ­մամբ, յար­մար դա­տած են կրօ­նա­կան այ­լա­տե­սակ ծէ­սեր եւ արա­րո­ղու­թիւն­ներ պատ­շա­ճեց­նել վե­րո­յիշ­եալ աւան­դու­թեանց ու սո­վո­րու­թեանց՝ խու­սա­փե­լով հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բուռն հա­կազ­դե­ցու­թե­նէ ու մեծ տա­րո­ղու­թեամբ նպաս­տա­ւոր­ուե­լով անոնց պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէ­քէն։
Ար­դա­րեւ՝ Ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ այդ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը զգե­ցած են տե­սակ մը սր­բու­թիւն եւ վե­րած­ուած հանրամ­շա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան, որ մեծ գուր­գու­րան­քով ու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ պահ­պան­ուած է ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ՝ ար­ժա­նա­նա­լով անոր ան­խառն պաշ­տա­մուն­քին, եւ որ­պէս մա­սունք կտակ­ուե­լով հե­տա­գայ սերունդ­նե­րուն։
Այս բո­լո­րով հան­դերձ՝ վե­րա­փո­խու­թիւնը կը հան­դի­սա­նայ մարդ­կա­յին կեան­քի բա­րեշրջ­ման, յա­րա­ճուն վե­րել­քին եւ ժամա­նա­կա­կից տար­րե­րով պատ­ուաս­տու­մին սա­տա­րող հիմ­նա­կան ու անհ­րա­ժեշտ ազ­դակ մը, որ կը մեր­ժէ ժամանակավ­րէ­պը, լճա­ցա­ծը, անօ­գու­տը եւ անըն­դու­նե­լին։
Փո­փո­խու­թիւնը, սա­կայն, պա­տա­հա­կան երե­ւոյթ պէտք չէ ըն­դու­նիլ, այլ՝ լուրջ, յա­խուռն, ար­կա­ծա­լի եւ ճակատագրական գոր­ծըն­թաց մը, որ ար­դիւ­նա­ւէտ եւ նպա­տա­կաս­լաց պի­տի չըլ­լայ եթէ են­թա­հող չու­նե­նայ բա­րո­յա­կան, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան հիմ­նա­հար­ցե­րու խո­րունկ ըմբռ­նո­ղու­թիւնը, մի­ա­ժա­մա­նակ՝ եթէ չօգ­տա­գոր­ծէ բծախն­դիր եւ ճշգ­րիտ ար­ժե­չա­փեր կամ եթէ չգո­յաց­նէ յս­տակ պատ­կե­րա­ցում­ներ հա­սա­րա­կա­կան նկրտում­նե­րու եւ նպա­տա­կաուղղ­ուա­ծու­թեան կա­պակ­ցա­բար։
Բնա­կա­նա­բար բա­րե­նո­րո­գու­մը պէտք է ընդգր­կէ այն բո­լոր երե­ւոյթ­նե­րը, որոնք կը խո­չըն­դո­տեն կեան­քի բնա­կա­նոն ընթաց­քը, կը սան­ձեն յա­ռաջ­դի­մու­թիւնը, չեն ներ­դաշ­նակ­ուիր դա­րու ոգի­ին հետ, գո­հա­ցում չեն տար մար­դոց կարիքներուն, ձգ­տում­նե­րուն եւ ապա­գայ հե­ռան­կար­նե­րուն։
Այ­սօր վճ­ռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն վե­րա­պահ­ուած է ժա­մա­նա­կի գոր­ծօ­նին։ Արդ՝ երկ­րա­գուն­դի տա­րած­քին դէպ­քե­րու սրըն­թաց յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ գի­տա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս օրն ի բուն արձա­նագ­րուող հս­կա­յա­քայլ յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, վե­րա­փո­խու­մը կը դարձ­նեն ան­յե­տաձ­գե­լի եւ հրա­տապ անհրաժեշտութիւն, որով պա­տե­հու­թիւն պի­տի ըն­ծայ­ուի մար­դուն, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բա­րե­կար­գե­լու սե­փա­կան կեանքը՝ վե­րա­նո­րոգ մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ վե­րա­ո­րա­կա­ւոր­եալ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով։
Որե­ւէ փո­փո­խու­թիւն ան­շուշտ միշտ ալ կը ներ­փա­կէ վտանգ, անո­րո­շու­թիւն, ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­ներ, անս­տոյգ ար­դիւնք­ներ եւ մին­չեւ իսկ ձա­խո­ղու­թեան։
Տա­րօ­րի­նակ չէ ու­րեմն՝ որ քա­ղա­քա­կիրթ, բայց պահ­պա­նո­ղա­կան շատ մը ըն­կե­րու­թիւն­ներ, որոնք կը սնա­նին անց­եա­լի հարս­տութ­եամբ եւ կը պար­ծե­նան իրենց կո­րած փառ­քե­րով, աւե­լի ապա­հով, աւե­լի բա­րեն­պաստ եւ աւե­լի խե­լա­ցի կը դա­սեն պահ­պա­նել իրենց ներ­կա­յի կա­յուն եւ անխ­ռով կա­ցու­թիւնը, հե­ռու վա­նե­լով պատ­մա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­ներ վեր­ծա­նե­լու, անց­եա­լէն դա­սեր քա­ղե­լու եւ ապա­գա­յի կերտ­ման ի խն­դիր եր­կա­րա­շունչ, տա­ժա­նա­կիր եւ փոր­ձա­նա­ւոր աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կե­լու ար­կա­ծախնդ­րու­թիւնը։
Սա­կայն իրա­կա­նու­թեան մէջ մե­ծա­գոյն վտան­գը կը սպառ­նայ այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, որոնք ծա­նօթ չեն մեր­դար­եայ արդի մտա­ծո­ղու­թեան, վա­րակ­ուած չեն ժա­մա­նա­կա­կից նո­րա­րար շուն­չով, նա­եւ քայլ չեն պա­հեր յա­րա­տե­ւօ­րէն ծաղ­կող ու բար­գա­ւա­ճող աշ­խոյժ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ։ Մա­նա­ւանդ այս օրե­րուն՝ երբ այդ հա­մա­քայլ ըն­թացքն ու մօ­տե­ցու­մը դար­ձած են կեն­սա­կան նա­խա­պայ­ման­ներ ճա­կա­տա­բա­ցօ­րէն գո­յա­տե­ւե­լու այն հա­ւա­քա­կա­նու­թեանց շար­քին, որոնց հա­մար վե­րա­փո­խու­մը կը նկատ­ուի անշր­ջան­ցե­լի եւ յոյժ էա­կան մի­ջո­ցա­ռում՝ հաս­նե­լու հա­մար դէ­պի լու­սա­ւոր ապագայ սու­րա­ցող հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռա­խում­բին։
Հա­ւա­նա­բար շա­տեր նա­խա­պա­տիւ սե­պեն կառ­չած մնալ անց­եա­լին եւ ան­տե­սեն՝ վար­դա­գոյն ապա­գա­յի խոս­տում­նա­լի կո­չը, մեկ­նե­լով այն վար­կա­ծէն, որ որե­ւէ ար­դիւ­նա­րար բա­րեշր­ջում կ’են­թադ­րէ անընկ­ճե­լի կամք, անս­պառ կո­րով, հետե­ւո­ղա­կան ճի­գեր, բա­զում զո­հո­ղու­թիւն­ներ, ու մաս­նա­ւո­րա­բար՝ հա­մա­կող­մանի­օ­րէն ծրագր­ուած խս­տա­բա­րոյ, եռան­դուն եւ բեղմ­նա­ւոր գոր­ծե­լա­ձեւ, որոնք ան­մի­ջա­կան­օ­րէն տրա­մադ­րե­լի չեն իրենց։
Այս­պէս՝ վե­րո­յիշ­եալ հան­գա­մանք­նե­րը կը թե­լադ­րեն մե­զի չվախ­նալ եւ չխու­սա­փիլ վե­րա­փո­խու­մի ջա­հա­կիր­նե­րէն՝ ոչ ալ կոր­ծա­նա­րար­ներ ու դա­ւա­ճան­ներ որա­կել զա­նոնք, այլ՝ առանց վե­րա­պա­հու­թեան քա­ջա­լե­րել, մե­ծա­րել ու գնա­հա­տել այդ խի­զախ մար­դի­կը, որոնք անընդ­մէջ կը ճգ­նին յե­ղաշր­ջել եւ բար­ւո­քել ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն տժ­գու­նող մի­ա­պա­ղաղ կեան­քը։ Որով­հե­տեւ՝ փո­փո­խու­թիւնը ի վեր­ջոյ շար­ժում կը նշա­նա­կէ, իսկ շար­ժու­մը կեանք կը բո­վան­դա­կէ, մինչ­դեռ՝ ան­շար­ժու­թիւնն ու լճա­ցու­մը մահ­ուան ամե­նա­ցայ­տուն ցու­ցա­նիշ­ներն են։
Ու­րեմն՝ ան­վա­րա­նօ­րէն ող­ջու­նենք եւ խրա­խու­սենք մարդ­կա­յին կեան­քի վե­րա­փոխ­ման եւ բա­րեշրջ­ման հե­ռան­կա­րով յանդգ­նու­թեամբ ձեռ­նարկ­ուած այ­լաբ­նոյթ հան­րօ­գուտ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ ան­շա­հախնդ­րօ­րէն հասարա­կու­թեան դա­տին նուիր­ուած բո­լոր վե­հանձն բա­րե­կար­գիչ­նե­րը, եւ այդ՝ տե­ւա­բար զօ­րակ­ցե­լով ու հնա­րա­ւոր բոլոր մի­ջոց­նե­րով օժան­դա­կե­լով անոնց։
Խաչիկ Շահինեան