Կ’արթն­նաս գի­շեր­ուան պատ­րաս­տու­թիւն տես­նե­լու հա­մար, մեծ տօ­նը յի­շա­տա­կե­լու հա­մար, կը բա­նաս պա­հա­րանդ ու կ’ընտ­րես ամե­նա­գե­ղե­ցի­կը, կը հագ­ուիս, կը զար­դար­ուիս, կը պատ­րաստ­ուիս այդ գա­լի­քին։ Ամ­բողջ օրը ու­րախ ես, քանի վս­տահ ես, որ ան­տա­րա­կոյս գա­լու է այդ մէ­կը։ Նուէր­ներ կ’առ­նես. նուէր­ներ՝ քե­զի եւ հա­րա­զատ­նե­րուդ։
Ու­րախ ես, եւ ինչ­պէ՞ս ու­րախ չըլ­լաս։ Ու­րա­խու­թիւն կը ստա­նաս՝ զայն տա­լով ու­րի­շին։ Ու­րա­խու­թիւնը չի խլ­ուիր, ուրախութիւնը կը տր­ուի, իսկ ստա­ցո­ղը նոյն­ինքն տուողն է, ուս­տի հա­րա­զատ­նե­րուդ նուէր­նե­րը կը գե­րա­զան­ցեն նուէրներդ։ Մեծ օր է այ­սօր։ Յոյ­սի նշոյլ­ներ, ու­րա­խու­թեան պեր­ճանք, հա­րա­զատ­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած ան­վերջ խն­ճոյք, քէֆ ու ծի­ծաղ ամէն կողմ։ Օր­ուան ըն­թաց­քին կը շնոր­հա­ւո­րես բո­լո­րը ու բո­լո­րը կը շնոր­հա­ւո­րեն քեզ փո­խա­դար­ձա­բար։ Կը նկար­ուիս աջ ու ձախ, մերթ հա­րա­զատ­ներ գր­կած եւ մերթ մի­նակ՝ ինք­զինքդ իւ­րա­յա­տուկ հա­մա­րե­լով։ Երաժշտութեան ձայ­նը կը բարձ­րաց­նես մին­չեւ վերջ: Մի­նակ եւ ու­րախ՝ կը պա­րես ան­վերջ։ Խմիչքն ան­պա­կաս՝ կը քաշես գլ­խուդ, կե­նա­ցը կը խմես հե­ռու հա­րա­զատ­նե­րուդ։ Կը յի­շես բո­լոր, բո­լոր անոնք, որոնք եկան ու ան­ցան շա­տոնց։ Բայ­ցե­ւայն­պէս կը մնաս ու­րախ, ու­րախ կը մնաս բո­լո­րին ի տես։ Ու կու գայ սլա­քը սլա­քին, եր­կու­քը ցի­ցի պէս դէ­պի վեր կ’ուղղ­ուին։ Կ’աւե­տեն նոր օրը, որուն առտ­ուը­նէ կը սպա­սէ­իր։ Նոր օր­ուան կը սպա­սէ­իր, որով­հե­տեւ նոր տա­րին 365 օրէն կու գայ, մինչ­դեռ նոր օրը 24 ժա­մէն։ Նոր օր­ուան կը սպա­սէ­իր, որով­հե­տեւ զայն տօ­նե­լու 365 առիթ կայ, մինչ­դեռ նոր տա­րին՝ առիթ մը 365 օր ան­գամ մը։ Եւ ահա եկաւ քու սպա­սա­ծը, ամ­բողջ օրը քեզ յոյս տուո­ղը։ Ահա՛, նոր օր­ուան առի­թով կը խոս­տա­նաս ինքդ քեզ՝ ըլ­լալ աւե­լի յա­ջո­ղակ, աւե­լի վճ­ռա­կամ։ Այո՛… Եւ այս­պէս ամէն օր Նոր Օրը կը տօ­նես։ Յոյ­սը միշտ սր­տիդ մէջ, ժպի­տը դէմ­քիդ վրայ եւ խա­ղա­ղու­թիւնը բո­վան­դակ հոգի­իդ մէջ։ Նոր Օրը կը տօ­նես, իսկ Նոր Տա­րին տօ­նե­լը կը ձգես սո­վո­րա­կան­նե­րուն։
Քրիստ Խրոյեան