Շփոթեցուցիչ պարագայ ունին «ձերբակալել» ու «ձերբազատիլ» բայերը, որոնք թէեւ կու գան «ձեռք» բառէն, սակայն կը գրուին «րէ»ով, որովհետեւ կազմուած են գրաբար «ձերբ» («ձեռք»ին գործիական հոլովը՝ ձեռքով) եւ համապատասխանաբար՝ «կալանել» (բռնել, կապել) ու «ազատիլ» բայերէն…։ «Ձեռն» արմատով շինուած միւս բառերը կը պահեն իրենց ուղղագրութիւնը.- ձեռագիր, ձեռագործ, ձեռակերտ, ձեռարուեստ, ձեռնակապ, ձեռնափայտ, ձեռնառումբ, ձեռնոց, ձեռնարկ, ձեռնադրել, առատաձեռն, ձեռնածու (աճպարար), ձեռնասուն (մէկու մը ձեռքին տակ սնած՝ դաստիարակուած, հովանաւորեալ), ձեռներէց (ձեռնարկու, համարձակ), ձեռնհաս (անհրաժեշտ հեղինակութեամբ օժտուած, ատակ), ձեռաձիր (սպասեակներու տրուած փոքր նուէր, «պաղշիշ»), ձեռամբարձ (ձեռքերը բարձրացուցած), ձեռնադաշնակ (աքորտէոն), ձեռնուիլ, ձեռնունայն վերադառնալ (ձեռքը պարապ՝ ապարդիւն վերադառնալ), ձեռնամուխ ըլլալ (ձեռնարկել), ձեռնպահ մնալ (չէզոք մնալ), առիթ ընձեռել, անձեռնմխելի անձնաւորութիւն (անհպելի), առձեռն բառարան, ձեռաց խաչ, ձեռնտու պայմաններ եւ այլն։

   Ասոր հակառակն ալ կայ.- ԵՐԵՔ-ը կու տայ եռագոյն, եռավանկ, եռանկիւն, եռայարկ, եռոտանի, եռօրեայ, եռեակ։ Ինչո՞ւ…։ Երեք-ին արմատը ԵՐԻՐ է։ «Ի» տառին սղումով՝ երկու «ր»երը իրարու կը միանան (երր) ու կը վերածուին «ռ»ի (եռ)…։

   «Ռ-ր» շփոթը բառնալու համար նկատի պէտք է ունենալ նաեւ քանի մը շահեկան օրէնքներ.

   ա) Կան մեծաթիւ բառեր, որոնք «ԱՌ» նախածանցով կը սկսին՝ դէպի, մինչեւ, համար, վերաբերող նշանակութեամբ։ Օրինակ՝ առժամեայ, առյաւէտ, առնուազն, առանձին, առանց, զառանցել (ցնդաբանել), առարկել, առարկայ, առհասարակ, առտնին (տնային), առաջ, առաւել, առընթեր (յարակից, կողքին), առողջ, առնչութիւն, առկախ, առօրեայ, առհաւատչեայ (երաշխիք, հաւաստիք), առինքնել (հրապուրել, հմայել)։ Մնացեալ բոլոր նախածանցներուն, վերջածանցներուն կամ մասնիկներուն մէջ «րէ»ն կ’իշխէ միահեծան։

   բ) Ռ-ով վերջացող արմատ բառերը եթէ կրկնութեամբ նոր բառեր կազմեն՝ առաջին «ռ»ն կը փոխուի «ր»ի.- բարբառ (բառ-բառ), գրգիռ (գիռ-գիռ), թրթիռ (թիռ-թիռ), սարսուռ (սառ-սառ)։ Բայց հոս ալ բացառութիւններ կան՝ ծուռումուռ, վառվռուն, եռուզեռ, թռվռալ, գոռգոռալ։ Իսկ եթէ արմատին կրկնութեամբ յառաջացած բառը բնաձայնութիւն է՝ ապա «ռ»ն կը մնայ անփոփոխ՝ կռկռալ, ճռճռալ, մռմռալ (կատուն)։

   գ) «Չ»էն առաջ միշտ «ռա» կու գայ, այլ ո՛չ թէ «րէ»։ Օրինակ՝ թռչուն, հռչակ, կառչիլ, խռչափող, պոռչտուք։ Բացառութիւն է «առջի» բառը։

    դ) Ունինք կրկնակ «ր»ով բառեր՝ մրրիկ, անդորր, տարր, օրրան, բերրի, երրորդ, չորրորդ։

*

   Ըսի, թէ «ռա»ով սկսող հայերէն բառարմատները թիւով չափազանց սահմանափակ են, այլեւ՝ օտարամուտ։ Այս բառերէն մէկն ալ «ռանչպար»ն է, որ երբեմն կը գրուի «ռենչպէր» ձեւով։

   Զգալի է որ օտար ծնունդ է։ Մալխասեան բառարանը կը հաւաստիացնէ, որ պարսկերէնէ փոխառեալ է։ Կը նշանակէ հողագործ, երկրագործ, աշխատաւոր։ ՀՅԴ-ի քայլերգը իր առաջին իսկ տողին վրայ կը յիշէ ռանչպարը՝ իբրեւ համակիր տարր ու նեցուկ.

   Մշա՛կ, բանուո՛ր, ռենչպէ՛ր աղբէր,

Արի՛ք միանանք, յառաջ գնանք

   Այս քայլերգին բառերը գրած ու եղանակը յօրինած է երգահան-խմբավար Գրիգոր Սիւնի (1876-1939)։

   «Ռանչպար» բառը իմ առջեւ կը բանայ գրական հորիզոն մը։

   Անմիջապէս կը յիշեմ խորհրդահայ գրող Խաչիկ Դաշտենցի (1910-1974) շատ նշանաւոր մէկ վէպը (ինք նախընտրած էր կոչել «վիպասք»), որուն մէջ բաբախուն ու կարօտալից էջերով ան կը խօսէր նախաեղեռնեան շրջանի մեր ֆետայական շարժումներուն մասին՝ Սասնոյ լեռներուն վրայ կամ Մշոյ դաշտի երկայնքին…։

   Խօսքը կը վերաբերի «Ռանչպարների Կանչը» հատորին։

   Խ. Դաշտենց բնիկ սասունցի էր, Սասնոյ Դաշտադէմ գիւղէն։ Եղեռնի օրերուն կորսնցուց իր ընտանիքը, հասակ առաւ Արեւելահայաստանի որբանոցներուն մէջ։ 30-ական թուականներուն աչքի սկսաւ զարնել իր բանաստեղծական գործերով, սակայն աւելի ուշ՝ համբաւ ձեռք բերաւ իբր արձակագիր, մանաւա՛նդ երբ 1956-ին լոյս ընծայեց «Խոդեդան» վէպը, իր հայրենի բնօրրանին՝ Սասնոյ, կեանքէն վերցուած։ Այդ լեռնաշխարհին վիճակուած ահաւոր ճակատագիրը, անոր շինական ժողովուրդին բռնագաղթը 1915-ին եւ յետոյ՝ գոյատեւելու վճռակամութիւնը, նախանիւթերն էին այս վէպին։

   «Խոդեդան»ին չափ ու աւելի՝ լայն արձագանգ թողուց նաեւ «Ռանչպարների Կանչը»։ Հոս կ’երեւէին զօր. Անդրանիկն ու Գէորգ Չաւուշը, Աղբիւր Սերոբն ու Սօսէ Մայրիկը, Արաբօն, Չօլօն, Մօրուք Կարօն, զօր. Սմբատը, Փեթարայ Իսրօն, Սպաղանաց Մակարն ու Հրայր Դժոխքը…, բոլորն ալ իրական մարդիկ, որոնք սակայն առասպելացած էին Դաշտենցի գրչին տակ։ Տարօնի ազատագրական շարժումը վիպականացուած էր լայն պաստառի վրայ՝ ԺԹ. դարու վերջերէն մինչեւ Մեծ Եղեռն ու աւելի՛ անդին՝ 20-ական թուականներ։ Որքա՜ն աշխարհագրական ու ազգագրական տեղեկութիւններով յագեցած գործ էր ասիկա։

   Դիւրին չէր այսպիսի նիթեր մշակել սովետական շրջանին, երբ կարմիր գրաքննութիւնը խստաբիբ կը հսկէր հրատարակուող մէն մի տողի կամ բառի վրայ…։ Դաշտենց, արդէն, իր ողջութեան պիտի չկարենար հրատարակել զայն, հանդիպելով արգելքներու։

   Հեղինակին կանխահաս մահէն երկու տարի ետք է միայն (1976-ին), որ «Ռանչպարներ»ուն մէկ մասը տպուեցաւ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրին մէջ։ Յաջորդ տարի, 1977-ին, Պէյրութի ԷՏՎԱՆ հրատարակչութիւնը (Եդ. Պողպատեան) նոյնը արտատպեց առանձին գիրքով (200 էջ), դասական ուղղագրութեամբ։ Արձագանգը մեծ եղաւ։ Ամէն ոք հարց կու տար, թէ Դաշտենց ինչպէ՞ս յանդգներ էր գրել այս բաները…։

   Այո՛, Խաչիկ Դաշտենց ի՛նչ որ գրէր՝ տուրք կու տար միայն ու միայն իր սրտի ձայնին…։ Շատերուն յայտնի է «Իմ Ուղին» խորագրով իր նշանաւոր ոտանաւորը.

Հպարտ անցայ իմ ուղին,

Ձեր շարքերին խորթացած,

Պաշտամունքի խորանին

Ո՛չ մի պատրոյգ չվառած։

 

Եթէ որոշ տեղերում

Մի քիչ տաք ճարպ է ծորել,

Այդ էլ ես չեմ մեղաւոր,

Խմբագիրներն են արել։

 

   Դաշտենց այն համոզումն ունէր, որ «ծախու-վարձկան» գրիչներ կ’արժեզրկեն իրենք զիրենք, կը դատապարտուին պատմութեան դատաստանին առջեւ։ Ի վերջոյ՝ «յարդը գնում է, ցորենն է մնում»…

    Տարիներ պէտք է անցնէին՝ որպէսզի 1984-ին, վե՜րջապէս, Երեւանի «Սովետական Գրող» հրատարակչատունը լոյս ընծայէր Դաշտենցի «Ռանչպարների Կանչը» ամբողջութեամբ (աւելի քան 500 էջ), 50.000 տպաքանակով։ Երանելի՜ շրջան՝ ընթերցասիրութեան ու գրասիրութեան տեսակէտէ։

   Ասիկա սասունցի խրոխտ գրողին ու իր ռանչպարներուն յետ մահու յաղթանակն էր անկասկած…։

*

   «Ռա»ով սկսող գործածական բառ մըն ալ «ռահ»ն է, զոր յիշած եմ վերնագրիս մէջ։ Ռահ։ Այսինքն՝ ճամբայ, ուղի, ճանապարհ, շաւիղ։ Այս արմատէն ծնունդ կ’առնեն ռահահորդ-ը (ճանապարհորդ), ռահացոյց-ը (ուղեցոյց) ու մանաւանդ ռահվիրայ բառը, որ շատ գործածական է ու կը նշանակէ առաջամարտիկ, նախակարապետ, փոխաբերաբար՝ ջահակիր, դրօշակիր։ «Խաչատուր Աբովեան արեւելահայ գրականութեան ռահվիրաներէն մին կը նկատուի», կը կարդանք դասագիրքերու մէջ։ «Ներսէս Շնորհալի, իր դարուն, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պանծալի ռահվիրայ մըն էր», կը կարդանք այլուր։

   Իսկ ի՞նչ են «ռամիկ»ն ու «ռազմիկ»ը։ Զգո՜յշ, չշփոթել զանոնք իրարու հետ։

   Ռամիկը (արմատը՝ ռամ) հասարակ դասակարգի մարդն է, ժողովուրդին հասարակ խաւը։ Այս նոյն արմատէն շինուած է «ռամկավար» բառը, որ կը նշանակէ ժողովրդավար եւ որ անունն է հայ դասական կուսակցութիւններէն մէկուն (Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, ՌԱԿ)։ ՌԱԿ-ը հիմնուեցաւ 1921-ին Պոլսոյ մէջ, Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեաններու (Ազատականներ) միաձուլումով։ Մինչեւ 90-ական թուականներ՝ ՌԱԿ մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր գաղութներու մէջ, մանաւանդ իր մամուլի օրկաններով ու հեղինակաւոր խմբագիրներով։

   «Ռամիկ»էն կու գայ անշուշտ «ռամկօրէն» բառն ալ, որով կը բնորոշուի աշխարհաբարի կազմաւորումէն առաջ գործածուող հայերէն ռամիկ, ժողովրդային, թրքախառն ու ոչ-յղկուած լեզուն։ Զարթօնքի շրջանի մեր գրողներն ու մամուլը մեծ ճիգով մը թօթափեցին ռամկօրէնը ու ճամբայ հարթեցին պերճափայլ ու գեղեցիկ աշխարհաբարին։

   Իսկ «ռազմիկ»ը մարտիկն է, զինուորը, պատերազմի ճակատ մեկնող տղան։ Արական ընդհանրացած անուն է։ Յիշե՛նք հայրենի բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանն ու թատերագէտ Ռազմիկ Մադոյեանը։ Բայց «Ռազմիկ»ը իր մասնաւոր տեղն ունի նաեւ հայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Կրցայ ստուգել, որ այս տիտղոսով հայերէն թերթեր հրատարակուած են Պուլկարիոյ, Թիֆլիսի, Երեւանի, Փարիզի ու Պէյրութի մէջ։ Պուլկարիոյ «Ռազմիկ»ը քաղաքական լրագիր էր, լոյս տեսած է Ֆիլիպէ, 1905-1909, գլխաւորաբար գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ։ Աւելի ուշ, 1937-1944, կրկին Պուլկարիոյ մէջ, հրատարակուած է այլ «Ռազմիկ» մըն ալ, Կարօ Գէորգեանի խմբագրութեամբ ու շեշտուած ցեղակրօն հայեացքով։

   Իսկ Պէյրութի «Ռազմիկ»ը լոյս կը տեսնէ 1983-էն իվեր. ունի երիտասարդական ու գաղափարախօսական բովանդակութիւն։ Անիկա պաշտօնաթերթն է ՀՅԴ ԼԵՄ-ի շրջանակին։

   Ռահվիրայ մըն ալ ան՝ իր կալուածին մէջ։

(Վերջ)
Լեւոն Շառոյեան