ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի նախկին խմբապետ Ֆիրաս ալ Խաթիպ նշանակուեցաւ Քուէյթի Սալիմիէ խումբի փոխմարզիչ:
-Սուրիոյ պասքեթի նախագահի բաժակի տղոց մրցումներու շրջագիծին մէջ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց կազմը 55 – 86 արդիւնքով զիջեցաւ յաղթանակը Հուրիէին:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Թարթուսի ալ Սահէլ խումբէն:
-Անթուան Ըթթէ ընտրուեցաւ Ճալայ-ի նորընտիր վարչութեան ատենապետ, իսկ Իթթիհատի եւ Հուրիէի ակումբներու անդամական ընդհանուր ժողովները չշարունակուեցան անդամներու պահանջուած թիւին չյառաջանալուն հետեւանքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՍԻՄՈՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԵՒ ՍԱՄՈՒԷԼ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԱՆԴԱՄ
Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեան: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, Պուխարեստի մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան գերծանրութեան կարգի մրցումներուն, Մարտիրոսեան նախ բարձրացուց 192 քկ., ապա երկրորդ մօտեցումին չկրցաւ բարձրացնել 198 քկ., բայց երրորդին բարձրացուց 198 քկ., որ արդէն նոր թուանիշ էր: Այսպիսով Մարտիրոսեան դարձաւ ոսկի մետալակիր: Այնուհետեւ հրումի վարժութեան յաջորդաբար բարձրացուց 231 քկ., 236 քկ., սակայն ձախողեցաւ 242 քկ. բարձրացնելու: Հրումի վարժութեան հայ մարզիկը դարձեալ արժանացաւ ոսկի մետալի: Երկամարտի 434 քկ. արդիւնքով Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեան: Աւելցնենք, որ Սիմոն Մարտիրոսեան Ռիօ տէ Ժանէյրոյի 2016 թուականի ողոմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր է, ինչպէս նաեւ Աշխարհի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան: Նոյն մրցաշարքին երկրորդ ներկայացուցիչը՝ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սամուէլ Գասպարեանը արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնք: Գասպարեան՝ 109 քկ. ծանրութեան մարզիկներուն կարգին նախ բարձրացուց 168 քկ., ապա 172 քկ. եւ 176 քկ. եւ նուաճեց արծաթէ մետալ: Հրումի վարժութեան գլխավեր պահեց 207 քկ. եւ 214 քկ.՝ նուաճելով ոսկի մետալ: Երկամարտի 390 քկ. արդիւնքով Սամուէլ Գասպարեան դարձաւ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼԸ ՃԻԳ ՊԻՏԻ ԹԱՓԷ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՄՊԱՊԷՆ
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը մտադիր է յառաջիկայ ամառ պայմանագիր կնքել Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Կիլիան Մպապէի հետ։ Այս մասին տեղեկութիւններ հաղորդեց El Mundo Deportivo-ն: Ըստ կայքէջին, 20-տարեկան խաղացողը դարձած է «Արքայական ակումբի» գլխաւոր թիրախը։ Յաջորդ ամառ անոր համար մայրաքաղաքի ակումբը պատրաստ է Մպապէին համար տրամադրել 300 միլիոն եւրօ։ Սպանական ակումբը պիտի օգտագործէ Մպապէի եւ Սան Ժերմանի մարզիչին՝ Թոխէլի միջեւ անկայուն յարաբերութիւնը:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՊԻՏԻ ՉԵՐԿԱՐԱՁԳԷ ՎԱԼՎԵՐՏԻԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ 
Սպանական AS օրաթերթը Պարսելոնայի խումբի գլխաւոր մարզիչ Էրնեստօ Վալվերտին մարզական իր վերջին մրցաշրջանը կը բոլորէ։ Քաթալոնական ակումբը պիտի չերկարաձգէ պայմանագիրը 55-տարեկան սպանացի մասնագէտին հետ: Պարսելոնան նկատի առած է Հոլանտայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քումանի եւ հոլանտական «ՊՍՎ Էյնտհովենի» գլխաւոր մարզիչ Մարկ վան Փոմելի թեկնածութիւնները։ Վալվերտիի գլխաւորութեամբ Պարսելոնան երկու տարուան ընթացքին նուաճեց 4 տիտղոս՝ երկու անգամ արժանանալով Սպանիոյ առաջնութեան, եւ մէկական անգամ՝ Սպանիոյ թագաւորի եւ Սուփըր բաժակներուն:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան