«Ապառաժ».-Օգտուելով 20 Փետրուար 2017-ին համաժողովրդական հանրաքուէի արդիւնքներով ընդունուած Սահմանադրութեան` Ազգային ժողովին քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով օրէնքի նախագիծ առաջարկելու իրաւունքէն, նախաձեռնող խումբի կողմէն Ազգային ժողով ներկայացուած է «Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» նախագիծ:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծով առաջարկուած է փոփոխութիւն կատարել Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 48-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն մէջ` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուելու իրաւունք տալով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, իսկ մշտական բնակութեան ընտրական ցենզը նուազեցնելով` նախագահի թեկնածուին համար 10 տարին դարձնելով 3, իսկ պատգամաւորի թեկնածուին համար 5 տարուան փոխարէն սահմանելով 3 տարի:
Հակառակ Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական մշտական յանձնաժողովի բացասական եզրակացութեան` նախագիծը ներառուած է 31 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լիագումար նիստի օրակարգին եւ երկարածաւալ քննարկումներու առիթ հանդիսացած է:
Նախաձեռնող խումբի լիազօր ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան խորհրդարանին ներկայացնելով օրէնքի նախագիծը` յայտնած է, որ ներկայացուած փոփոխութիւնները կը բխին համայն հայութեան համար հայրենքի մէջ հաւասար պայմաններ ապահովելու անհրաժեշտութենէն: «Առանձնակիօրէն կարեւորելով աշխարհասփիւռ հայութեան մեծագոյն աւանդը հայկական պետականութեան հասատատման գործին մէջ` անհրաժեշտ է ձեռնպահ ընտրական իրաւունքով օժտել նաեւ ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող անձերը», ըսած է Պօղոսեան:
Լիազօր ներկայացուցիչի հիմնաւորումներուն հակադարձող շուրջ երկու տասնեակ հարցադրումներով հանդէս եկած է 9 պատգամաւոր` 6-ը «Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն: Պատգամաւորները բարձրացուցած են նախագիծի` գործօն եւ ոչ գործօն ընտրական իրաւունքներու միջեւ հաւասարակշռուածութիւնը խաթարելու, Հայաստանը որպէս նախայարձակ ներկայացնելու, Արցախի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան միջամտելու, ստորագրահաւաքին մասնակցելէ ձեռնպահ մնացած քաղաքացիներու գերակշիռ մասին որոշումը յարգելու, քաղաքացիութիւն-պետութիւն փոխադարձ իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու, ԱՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան հակասելու, ՀՀ Սահմանադրութիւնը խախտելու հարցերը:
Խորհրդարանի գլխադասային յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Ճիւանեան եւս դիտել տուած է, որ օրէնքի նախագիծը բացասական եզրակացութեան արժանացած է իրաւական, քաղաքական եւ բովանդակային վիճելի տարրեր պարունակելու պատճառով: Կառավարութիւնը եւս համակարծիք էր: Ազգային Ժողովի Արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան յայտնած է, որ քաղաքացիութիւնը այն կարեւոր նախապայմանն է, որ հանրային կառավարման ոլորտի անձը կ’օժտէ լիարժէք օրինական իշխանութեամբ:
«Ընտրական իրաւունքը բաղկացած է անխզելիօրէն իրարու հետ փոխկապակցուած երկու բաղադրատարրերէն` գործօն եւ ոչ-գործօն ընտրական իրաւունքներէն: Անոնցմէ մէկուն գոյութիւնը առանց միւսին անհնար է, ԱՀ նախագահի եւ ԱԺ-ի ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՀ քաղաքացիներուն ոչ գործօն ընտրական իրաւունք շնորհելը ինքնըստինքեան պիտի յանգեցնէ անոնց գործօն ընտրական իրաւունք շնորհելուն: Արցախի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, հետեւաբար կառավարութիւնը նպատակայարմար չէ համարած ԱՀ Սահմանադրութեան մէջ ներառել առաջարկուող փոփոխութիւնը», ըսած է Արարատ Դանիէլեան:
Տեղի ունեցած միտքերու փոխանակումը եւս բազմաելոյթ էր. 8 պատգամաւոր հանդէս եկած է պատգամաւորական յայտարարութեամբ, 4-ը` ներկայացուցած է խմբակցութիւններու դիրքորոշումները: Ընդհանուր առումով` շուրջ երեք ժամ տեւող օրէնքի նախագիծին քննարկումը մերժուած է 24 դէմ, 4 կողմ, 1 ձեռնպահ քուէարկութեան արդիւնքներով եւ շրջանառութենէն հանուած է:
Լուսինէ Թեւոսեան