«Երկիր».- Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով վերջերս հանդիպում չէ ծրագրուած:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ԼՂ հիմնահարցի առնչութեամբ վերջին յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով ազդեցութիւն ունեցա՞ծ են բանակցային գործընթացին վրայ, թէ՞ ոչ եւ ինչպիսի՞ն են առաջիկայ ակնկալիքները, նախարարը պատասխանած է.
«Մենք թիրախային եւ նպատակաուղղուած կ’աշխատինք բանակցային գործընթացին մէջ: Բոլոր այն դիրքորոշումները, որոնցմով մենք հանդէս կու գանք, որոնք ձեզի աւելի ծանօթ են, որովհետեւ բազմիցս խօսած ենք անոր մասին, եւ այդ բոլոր համադրութիւններով մէկտեղ մենք կ’աշխատինք բանակցային գործընթացով, կ’աշխատինք թիրախներ ընտրելով: Մենք երբեք չենք դանդաղեցուցած, ձգձգած հետեւողական հանդիպումները, գործընթացը. վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբերին, յաջորդը պիտի ըլլայ շատ շուտով` նախարարներու մակարդակով», յայտնած է ան:
Նախարարին խօսքին համաձայն, կան որոշ պայմանաւորուածութիւններ, գաղափարներ, հանդիպումներու կազմակերպութեան կարելիութեան մասին: