«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի դիմատետրի էջէն կը տեղեկանանք, որ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն ներկայացուցիչները 31 Հոկտեմբերին հանդիպումներու շարք մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներու գրասենեակներուն մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ եւս քուէարկութեան դնելու կարելիութիւնները քննարկելու համար։
Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի լրագրողին հարցումին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան յայտնեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, յանձնախումբը բուռն աշխատանքի նախաձեռնած է Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւին քննարկումը արագացնելու նպատակով՝ աւելցնելով. «Ծերակոյտին մէջ թիւ 150 բանաձեւը ներկայացուած է այս տարուան Ապրիլին: Այժմ բանաձեւը ունի Ծերակոյտի 21 անդամներու ուղղակի աջակցութիւնը: Աշխատանքներ կը տարուին այս թիւը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ շուտափոյթ ներկայացնելու Ծերակոյտի լիագումար նիստին՝ քուէարկութեան համար: Ծերակոյտին մէջ գործընթացները տարբեր են Ներկայացուցիչներու տան գործընթացէն եւ ժամկէտները տակաւին անորոշ են։ Դժուար է յստակօրէն ըսել, թէ երբ անիկա քուէարկութեան պիտի դրուի»։