Ամերիկայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի տնօրէն Արմէն Սահակեան «Արմէնփրես»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Միացեալ Յանձնախումբը աշխուժ աշխատանք կը տանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 150 թուակիր բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ շուտով ներկայացնելու եւ քուէարկութեան դնելու համար:

«Ծերակոյտին մէջ 150-րդ բանաձեւը ներկայացուած է այս տարուան  Ապրիլին: Ներկայ պահու դրութեամբ բանաձեւը ունի 21 ծերակուտականի աջակցութիւն: Աշխատանքներ կը տարուին այս թիւը մեծցնելու ուղղութեամբ եւ բանաձեւը շուտով ներկայացնելու Ծերակոյտի լիագումար նիստին՝ առ ի քուէարկութիւն: Գործընթացային տեսանկիւնէն Ծերակոյտը կը տարբերի Ներկայացուցիչներու պալատէն եւ ժամկէտերու բաժինով ալ տակաւին անորոշ է. դժուար է ըսել, թէ ե՛րբ անիկա պիտի ներկայացուի քուէարկութեան», աւելցուց Արմէն Սահակեան:

Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի դիմատետրի  էջէն կը տեղեկանանք, որ սկսած են համակարգել տարբեր հանդիպումներու փուլ մը եւս այն ծերակուտականներու գրասենեակներուն հետ, որոնք կը պայքարին Ամերիկայի Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: