Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2019-ին, սուրիական սահմանադրութիւնը վերամշակող ընդլայնուած յանձնախումբէն ընտրուած փոքրաթիւ յանձնախուբին առաջին նիստը գումարուեցաւ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ սուրիական կառավարութիւնը ներկայացնող եւ այլ պատուիրակութիւններու:
ՍԱՆԱ-ի Ժընեւի թղթակիցը յայտնեց, որ այս յանձնախումբը կը բաղկանայ 45 անդամներէ,15-ը սուրիական պետութեան կողմէ առաջադրուած անդամներ են, 15-ը ՝ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, իսկ 15-ը՝ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
Թղթակիցը աւելցուց, որ նիստին մանրամասնութիւնները լրատուամիջոցներուն պիտի չհաղորդուին:
Այս առիթով, ՄԱԿ-էն աղբիւրներ յայտնեցին, որ փոքրաթիւ յանձնախումբին ճշդած օրակարգը կ’ընդգրկէ սահմանադրութեան վերամշակման ընդլայնուած յանձնախումբի առաջարկներուն քննարկումն ու սահմանադրական օրէնքին լոյսին տակ հաստատումը: