«Ազդակ«.- Երէկ, նախագահ Աուն նախագահական պալատէն պատկերասփռուած ելոյթ ունեցաւ եւ իր խօսքը ուղղեց իրեն զօրակցութեան համար Ազգային ազատ հոսանքին հրաւէրով պալատին առջեւ համախմբուած ժողովուրդին` կոչ ուղղելով անոնց միանալու փողոցին, որովհետեւ նոր հրապարակները կարիքը ունին աջակցութեան եւ ջանքի, ըսաւ ան ու աւելցուց, որ բազմացան հրապարակները, սակայն անոնք պէտք չէ իրար դէմ լարուին, իսկ փտածութեան դէմ պայքարը, տնտեսութեան վերականգնումն ու քաղաքացիական պետութեան ստեղծումը կը պահանջեն բոլոր կողմերուն համագործակցութիւնն ու հրապարակներու միացումը:
«Դուք հոս հաւաքուած էք վերանորոգելու համար ձեր ուխտը, բարի եկած էք: Ես ալ խոստումիս եւ ուխտիս հաւատարիմ եմ: Բազմացան հրապարակները, եւ ապստամբեցաւ ժողովուրդը, որ կարիքաւոր եւ իրաւունքները ոտնակոխուած կեանք մը կը վարէր ու կորսնցուցած էր իր վստահութիւնը պետութեան նկատմամբ. հոս է հարցը, որուն լուծումը պէտք է գայ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փտածութիւնը դիւրութեամբ չի վերանար, քանի որ տասնամեակներ շարունակ արմատացած է եւ միայն միասնական ճիգով կարելի է յաղթահարել զայն:
«Մենք երեք կէտերէ բաղկացած ճամբու քարտէս մը գծեցինք` փտածութեան դէմ պայքար, տնտեսութեան վերականգնում եւ քաղաքացիական պետութեան ստեղծում: Ասոնք չեն կրնար դիւրութեամբ իրականանալ` մենք պէտք ունինք ձեր ջանքերուն եւ հրապարակի մը, որ կը բաղկանայ ձեզմէ եւ բոլոր միւս ցուցարարներէն, որպէսզի պաշտպանէք ձեր շահերը: Այս նպատակներուն իրականացումը ձեր իրաւունքն է` թէկուզ խոչընդոտողներ ըլլան, եւ հետեւաբար պիտի միանանք եւ շարունակենք միասնաբար: Եկած էք ինծի ըսելու, որ դուք իմ հետս էք, եւ ես ձեզի կ՛ըսեմ, որ ես ձեզի հետ եմ, եւ ձեր ընդմէջէն կը տեսնեմ Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը: Ձեզի կ՛ըսեմ, որ ես ալ ձեզ կը սիրեմ, կը սիրեմ բոլորդ, այսինքն` բոլորդ», եզրափակեց ան: