«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան 4 Նոյեմբերին ողջունեց 2019-ին Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնը 60 միլիոն տոլարի հասցնելու մասին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կատարած յայտարարութիւնը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով դեսպանատան, որ ներկայացուած եւ ներկայացուելիք աջակցութեան մանրամասնութիւնները տրուին, յատկապէս շեշտը դնելով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն միջեւ տարբերութիւններուն վրայ։

Երկուշաբթի օր, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ 2019-ի ամերիկեան պետական ամավարկով Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը 40 տոկոսի աճ արձանագրելով՝ պիտի հասնի 60 միլիոն տոլարի։

Թրէյսի յայտնեց, որ նպաստները կը տրամադրուին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, Միջազգային Զարգացման Բաժանմունքին, Ուժանիւթի Նախարարութեան, Անտառային Ծառայութեան Բաժանմունքին եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ծրագիրներուն ՝ աւելցնելով, որ աջակցութեան յաւելումը բնական է, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ներկայիս երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը կը գտնուի ցարդ իր բարձրագոյն մակարդակին վրայ։

Գումարներ պիտի տրամադրուին զեղծարարութեան դէմ պայքարին, ապահովութեան երաշխաւորման, ուժանիւթի ծրագիրներուն, անգլերէնի դասաւանդման, անտառներու պահպանութեան, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական հասարակութիւն հաստատման, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը աւելի թափանցիկ եւ հաշուետու դարձնելու ջանքերուն համար։

Միւս կողմէ, Հայ Դատը մօտէն կը հետեւի այն լուրերուն, ըստ որոնց, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը հսկայական ոստում մը արձանագրած է, 2019-ի ամավարկին մէջ՝ հասնելով 42,9 միլիոն տոլարի, ինչ որ խախտում մըն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուորական հաւասար աջակցութիւն տրամադրելու պայմանին, նկատի ունենալով, որ Հայաստանին միայն 2,8 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադուած է նոյն ժամանակամիջոցին։

 

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը այս գծով նամակ մը յղեց գործադիր իշխանութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ նման քայլ մը մղիչ ուժ պիտի դառնայ, որ Ատրպէյճան նոր յարձակումներու դիմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ։ Նամակը կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/092719_Armenian Caucus_MilitaryAid.pdf կայքէջին վրայ։