Մեծ Եղեռնէն հազիւ ճողոպրած և իրենց շունչը Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ արած երեք երիտասարդուհիներ, Հայկուհի Ստեփանեան, Վիքթորիա Ահարոնեան և Սիրվարդ Կիւլեան, 1934-ին հիմը կը դնեն ՀՕՄ-ի Ռուպինա Մասնաճիւղին, անտեսելով բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, որոնք իրենց առջեւ ցցուած էին։

Ուրուկուէյ ժամանող հայ գաղթականներու թոհուբոհի տարիներն էին: Գաղութը նոր կը կազմակերպուէր, երբ իրենց Հայրենիքն ու քաղաքները կորսնցուցած, եղեռնէն վերապրածները, իրար կը գտնէիև ու հայրենակցական միութիւններ հիմնելով մասամբ կը մխիթարուէին։

Նման մթնոլորտի մէջ է ահա, այդ երեք համարձակ և հայրենակարօտ երիտասարդուհիներու կողմէ հիմնուած ՀՕՄ-ի Ռուպինա Մասնաճիւղը, հոսանքն ի վեր նաւարկելով, բոլորած է իր 85-ամեակը։

Այսօր երբ հեռաւոր ժամանակի վրայ ակնարկ մը կը նետենք, մտաբերելով անցած ուղին, պարծանքով կ՛արձանագրենք որ ունինք լաւ կազմակերպուած, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող ՀՕՄ-ի միաւոր մը, որ ոչ միայն գաղութային այլեւ երկրի մէջ առողջապահական եւ ընկերային ոլորտներու աշխատանքներուն կը մասնակցի, ինչ որ պետական այդ կառոյցներու գնահատանքին արժանացած է ։

85-ամեակի տօնակատարութեան համար ընտրուած էր «Լոս թիլոս» կոչուող ագարակը, որ նման հաւաքներու համար յատուկ տարածք կը տրամադրէ։

ՀՕՄ-ի Ռուպինա Մասնաճիւղի ատենապետուհի Պէաթրիս Պատանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ՀՕՄ-ի խօսքը փոխանցած է փոխատենապետուհի Տիանա Պոյաճեան, որմէ ետք հրաւիրած է Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջ. Վրչ. ատենապետուհի Կրասիելա Գէորգեանը, որ յատկապէս Արժանթինէն ժամանած էր, իր յարգանքի ուղերձը արտասանելու համար։ Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլընճեանն ալ իր խօսքին մէջ յիշած է իր մանկութեան օրերուն, իր ծննդավայրին՝ Քեսապի մէջ ՀՕՄ-ի ծաւալած գործունէութիւնը, յայտնելով որ մինչեւ այսօր տպաւորուած կը շարունակէ մնալ ՀՕՄ-ի աշխատանքներով։

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցած են հանրածանօթ տուտուկի վարպետ Սարօ Դանիէլեան, գաղութի հանրածանօթ երաժիշտներ, դաշնակահար և խմբավար Ալվարօ Յակոբեան, քամանչահար Նժդեհ Պոյաճեան, տհոլ կատարողներ՝ Էտկար Աթթարեան և Ռաֆֆի Կիւլեան, ինչպէս նաև հանրայայտ թենոր Յակոբ Պոյաճեան, որոնք թէ՛ ժողովրդական, և թէ ազգային երգերով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած են։

Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար և պարուսոյց Վահրամ Հաբարձումեանի ցուցմունքներով: Պարախումբը իր ժովորդական պարերով ջերմ ծափողջոյններու արժանացած է, ։

Տեղի ունեցած է նաև ՀՕՄ-ի այս տարուան կրթաթոշակի յանձնում շրջանի երկու ուսանողներու՝ Հայրենիք Սանդուրեանին եւ Կապրիէլ Պարսամեանին, ձեռամբ ՀՕՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհիին։

Տօնախմբութեան վերջաւորութեան մեծարուած են այն երէց ՀՕՄ-ուհիները, որոնք 80 տարիէ ի վեր մեծ վաստակ ունեցած են իրենց անշահախնդիր աշխատանքով: Անոնք են.- Ալիսիա Կիւլեան, Ազատ Զէյթունցեան, Քնարիկ Տէր Մարգարեան, Մելինէ Սարգիսեան, Վիքթորիա Շեհէրլեան և Վարդուհի Կէօվաննէսեան, որոնք այս տօնախմբութեան կնքամայրերը հռչակուեցան եւ իրենց տրուեցաւ յոբելինական կարկանդակը հատելու պատիւը։