«Ազդակ».-Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ Լիբանանի քաղաքական կողմերուն հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, մէկ ժամ տեւողութեամբ այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին:

Լիբանանի հայութեան եւ դերակատարութեան շուրջ ընդհանուր ակնարկէ մը ետք, լայնօրէն քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ անոր շարունակութեան պարագային աննախատեսելի հետեւանքները:

Թէ՛ դեսպանը եւ թէ՛ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեցին, որ ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու լաւագոյն ձեւը երկխօսութեամբ եւ կառավարութեան արագ կազմութեամբ գոհացում տալն է ժողովրդային պահանջներուն` ստեղծելով վստահութեան դաշտ, առաջքը առնելու համար յաւելեալ փլուզումի: