ԱՄՆ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի բարձրաստիճան անդամ Փոփ Մենենթէս, ելոյթ ունենալով Ծերակոյտէն ներս, անդրադարձած է Ծերակոյտէն ներս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունելու անհրաժեշտութեան եւ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի վարքագիծին:

Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ծերակուտականը յիշեցուցած է Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանի թիկնապահներուն յարձակումը խաղաղ ցուցարարներու վրայ, դիտել տուած, որ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն ետք, Թուրքիա ջանք չի խնայեր արգելափակելու նման բանաձեւի ընդունումը նաեւ Ծերակոյտէն ներս, քանի որ, Մենենթէսի կարծիքով, Անգարան գիտէ, որ քուէարկութեան դրուելու պարագային ան կ’ընդունուի:

Ծերակուտականը  շեշտած է, որ Ծերակոյտը պէտք չէ յանձնուի թրքական ճնշումին եւ պէտք է ընդունի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: