Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան կեդրոնները հաստատած է Գամիշլիի արեւելեան արուարձանին մէջ՝ թրքական ուժերուն դիմադրելու համար, անցնելով Քահթանիէ եւ Ճաուատիէ շրջաններէն, տեղաւորուելով Հասիչէ նահանգէն մօտաւորապէս 120 քմ. հեռաւորութեան վրայ: