Այսօր առաւօտուն ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Արդարադատութեան պալատը: Երկու հրթիռ ինկաւ պալատի յարակից տարածքին մէջ, որուն հետեւանքով վեց քաղաքացի վիրաւորուեցաւ:
Նախորդ շաբաթ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած էին Հալէպի Նիլ պողոտայի տեղական շուկան, ուր արձանագրուած նիւթական վնասներուն կողքին կին մը վերաւորուած էր: