«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայրենիք խմբակցութեան պատգամաւորներուն` Ազատ Հայրենիք Կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
Վարչապետը կարեւոր համարած է նման ձեւաչափով հանդիպումները եւ յայտնած, որ Արցախի խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ հանդիպումները հետագային պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:
Վարչապետը կարեւոր համարած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան մէկ այլ որոշում, որով 2,1 մլրդ դրամ պիտի տրամադրուի առաջնագիծի եւ ընդհարապէս զինուորներու ծառայութեան պայմանները բարելաւելու համար:
Այնուհետեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու կառավարութիւններու, խորհրդարաններու համագործակցութեան, տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան, Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութեան առանձին ճիւղերու զարգացման խթանման առնչուող հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան հանգամանօրէն անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, բանակաշինութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանին հանդիպումին համար եւ անդրադարձած Ազատ Հայրենիք Կուսակցութեան յառաջիկայ գործունէութեան: