Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն կորուստը Աստուծոյ, Հայ Ազգի ու մշակոյթի ծառայ՝ Կենաց Բանի հաւատաւոր քարոզիչ, բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի, որ ի Տէր հանգեաւ Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2019-ին:

Ըստ հանգուցեալի բանաւոր կտակին, թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ միայն ընտանիքի անդամներուն մասնակցութեամբ:

Հաւատացեալ ժողովուրդը վաստակաշատ բանաստեղծին իր վերջին յարգանքը մատուցելու առիթ պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, կ.ե. ժամը 4-7, Mountain View Mortuary Cemetery-ին մէջ, 2400 N. Fair Oaks Ave., Altadena։

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն, հարազատներուն եւ իրեն հետ աստուածահաճոյ ու հայակերտումի ծառայական ճանապարհ կերտող բոլոր սգակիրներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ