Լեհաստանի մեջ առաջին Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2019-ին Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի Collegium Maius թանգարանի հանդիսասրահին մէջ։ Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ թանգարանի տնօրէն պատմագէտ ու լեհահայութեան մասնագէտ փրոֆ․ Քշիշթոֆ Սթոբքայի եւ Լեհաստանի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ փրոֆ․ Եան Օստրովսքիի ողջոյնի խօսքերով։
Նորաստեղծ կեդրոնի ներկայիս գործակատարն է պատմագէտ ու լեհահայութեան մասնագէտ փրոֆ․ Անտժէյ Ժիէնպա, որ հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի բացման մասին համընդհանուր դասախօսութիւն մը ներկայացուց՝ «Լեհահայութեան Մշակոյթը Որպէս Ուսումնասիրութիւններու Բնագաւառ» խորագրով։ Ապա մանրանասնօրէն անդրադարձաւ կենդրոնի նախատեսուած ծրագիրներուն, որոնց գլխաւոր առանցքը պիտի ըլլայ լեհահայութեան դարաւոր մշակոյթի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը ու արխիւային մատենագիտութիւնը։
Ժիէնպա ներկայացուց նաեւ գիտաշխատողներու նախատեսուած կազմը, ապա ներկաները ծանօթացուց այս կեդրոնին համար նշանակուած գիտական խորհուրդի՝ լեհ, հայ եւ օտար տասնհինգ անդամներուն։ Վերոյիշեալ ակադեմիայի նախագահ Ե․ Օստրովսքի գիտական խորհուրդի ներկայ անդամներուն բաշխեց գիտական խորհուրդի անդամակցութիւնը վկայող վկայագրերը։ Բացման հանդիսութեան առաջին բաժինը աւարտեցաւ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէնին՝ դոկտ․ Յարութիւն Մարութեանին «Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը եւ Թանգարանը Յետ-հարիւրամեակային Ժամանակաշրջանում» անգլերէն տպաւորիչ դասախօսութեամբ։

Բացման, հիւրասիրութեան ընդմիջումէն ետք, Վենետիկի Մխիթարեաններու միաբաններէն Հայր Վահան Վրդ․ Օհանեան ներկայացուց բազմաբովանդակ՝ «Բանաստեղծ եւ Պատմագէտ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան» նիւթով դասախօսութիւնը, լուսաբանելով Հայր Ղ․ Ալիշանի վեհաշուք գիտնականի վաստակը ու անոր հսկայական ժառանգը, դիտել տալով որ Ալիշան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ոչ միայն հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն այլ սկզբնաղբիւրը դարձաւ պատմագիտութեան, լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան, բուսագիտութեան եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:
Լեհաստանի մէջ հայկական մշակոյթի նուիրուած ուսումնասիրութիւններու առաջին այս կենդրոնի բացումը երկար տարիներու վրայ խտացուած ջանքերու արքասիքն է: Սոյն կեդրոնի հիմնադրութեան որոշումը գոյացած է 10 Սեպտեմբեր 2019-ին, կեդրոնը պիտի վայելէ Լեհաստանի Գիտութեան եւ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը։ Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի այս հիմնարկը կը համարուի Լեհաստանի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիայի կառուցուածքի մէկ ստորաբաժանումը։
Կեդրոնի բացման հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ շրջագայելու Եակելոնեան Համալսարանի թանգարանը ու համալսարանի գիտական խորհուրդի ժողովասրահին մէջ ունկնդրելու 19-րդ դարու սկիհի մը, հայկական ծածկոցի ասեղնագործ արուեստի մեկնաբանութիւնը: Երկար թափառումներէ ետք, հայկական ասեղնագործ ծածկոցը անհետացումէ փրկուելով հասած է Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի թանգարան ու դարձած է այդ թանգարանի բազմարժէք հաւաքածոներէն մէկը։

Սոյն կեդրոնի բացումէն ետք, Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լեհաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Լեհաստանի Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի եւ Քրաքովի Հայ Մշակութային Ընկերութեան համացործակցութեամբ Քրաքով քաղաքի մէջ դարձեալ Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիայի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Շուէտի Լունտ համալսարանի դասախօս դոկտ․ Սվանթէ Լունտկրէնի դասախօսութիւնը «Ծիծեռնակաբերդէն Դէպի Հոլիուտ՝ Իմ Հայկական Ճանապարհորդութիւնը» խորագրով, իսկ առինքնող հայ երաժշտութիւնը հնչեց շնորհիւ ՝ Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու երաժշտական կատարումին։ Ս․ Լունտկրէն անգլերէնով ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուած հինգ մարդասէր սկանտինավուհիներու պատմութիւնը, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ են, այդ մարդասէր եւ քաջ միսիոնարուհիներն են դանիացիներ` Քարէն Եփփէն եւ Մարիա Ճեքըպսընը, նորվեկիացի՝ Պոտիլ Պիորնը, շուէտցի՝ Ալմա Ճոհընսընը եւ էսթոնիայէն՝ Աննա Հետուիք Պուլլը, որոնք հայ ժողովուրդին կողքը կանգնեցան անոր ամենամռայլ եւ ողբերգական ժամանակահատուածին:

 

Դոկտ․ Արա Սայեղ