Հայաստանեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանի հետ։ 
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.
Հ.- Սուրիոյ նախագահը սուրիական պատկերասփիւռի կայաններուն տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին խօսած էր սուրիահայութեան մասին ներկայացնելով որ վերջինները երբեք չեն ձուլուած եւ դարձած են երկրին մէկ մասնիկը, կուզէի այդ հարցազրոյցէն սկսիլ նաեւ մեր հարցազրոյցը։
Յակոբ Քիլէճեան- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատը յաճախ արտայայտուած է հայերու մասին, սակայն այս վերջին արտայայտութիւնը շատ յստակ ձեւով բնորոշեց հայութիւնը։ Սուրիոյ մէջ մենք պատմական ներկայութիւն ենք, սակայն ցեղասպանութենէն ետք հայերը կայք հաստատած են Սուրիոյ մէջ եւ ոչինչէն կրցած են ունենալ այն ինչ որ ներկայիս ունին, այն բոլոր արժէքները եւ հարստութիւնները։ Անոնք մեծ դերակատարութիւն ունէին Սուրիոյ վերականգնումի եւ զարգացման գործընթացին մէջ։ Մենք պատմութեան ընթացքին միշտ եղած ենք պետականութեան հետ, միշտ պաշտպանած ենք Սուրիոյ սահմանները։ Շատ ճիշդ բնորոշեց նախագահը, սուրիահայերը եղած են Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացի, իրենց բոլոր պարտականութիւնները կատարած են, սակայն պահած են իրենց իւրայատկութիւնը, ունեցած են իրենց մշակոյթը, եկեղեցիները, հայկական դպրոցները, ուր դասաւանդած են հայերէնն ու կրօնը։ Այս բոլորին շնորհիւ անոնք չեն ձուլուած արաբ ժողովուրդին մէջ եւ պահած են իրենց իւրայատկութիւնը, համարուելով սուրիական ընկերութեան եւ մնալով սուրիացի պարկեշտ քաղաքացիներ։
Հ.- Այսօր Սուրիոյ իրավիճակը, համեմատաբար նախորդ տարիներուն, աւելի խաղաղ է եւ երկիրը կամաց-կամաց կը փորձէ ուղղել իր ծռած մէջքը։ Ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ են հիմա հայաշատ քաղաքները եւ թաղամասերը։ Արդեօ՞ք դժուարութիւնները անյաղթահարելի են։
Յ.Ք.- Սուրիոյ տագնապին սկիզբը՝ 2011-ին ժողովուրդին մէկ հատուածը պարզապէս կÿուզէր իր վիճակը բարելաւել, ապրուստը բարելաւել, սակայն ի յայտ եկաւ որ այդ շարժումը միայն ժողովուրդին պարզ պահանջքներուն հետեւանքով ծնունդ չէր առած, այլ կային արտաքին ուժեր, որոնք ուզեցին այդ բարեկարգումներու պահանջին այլ երանգ մը տալ եւ յստակ էր, որ վերջին ութը-ինն տարուան ընթացքին ինչպիսի միջամտութիւններ եղան կարգ մը պետութիւններու կողմէ։
Անշուշտ Հալէպը 2012-ի Յուլիսին եղաւ զինեալ խմբաւորումներուն թիրախը եւ հայահոծ շրջաններն ու թաղամասերը ռմբակոծուեցան։ Մեծ թիւով սուրիահայեր եւ մանաւանդ հալէպահայեր գաղթեցին Հալէպէն, սակայն այսօր 2016-էն ետք, երբ սուրիական բանակը ազատագրել սկսաւ Սուրիոյ արեւելեան բաժինը, ապահովական իմաստով Հալէպ քաղաքը բաւական լաւ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ։ Հալէպի հիւսիսարեւմտեան արուարձաններուն մէջ տակաւին կան զինեալ խմբաւորումներ, որոնք մերթ ընդ մերթ հրթիռներ կ’արձակեն եւ Սուրիոյ քաղաքացիները կը զոհուին, սակայն այդ շրջաններուն մօտակայքը հայեր չեն բնակիր, հետեւաբար կրնամ ըսել որ Հալէպի վիճակը ապահովական իմաստով աւելի լաւ է։
Դամասկոսի վիճակն ալ վերջին երկու տարիներուն բարելաւուած է։ Ներկայիս մտահոգ ենք Գամիշլիի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ Հիւսիսարեւելեան շրջաններու բնակչութեան ապահովութեան հարցով, որովհետեւ թրքական զօրքը եւ թրքամէտ զինեալ խմբաւորումներ արդէն Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ Թէլ Ապիատէն մինչեւ Ռաս ուլ Այն ներխուժած են։ Բարեբախտաբար Սուրիոյ կառավարութիւնը քիւրտերու հետ բանակցելով, ռուսական կողմին միջնորդութեամբ կրցաւ համաձայնութեան հասնիլ։ Մեր բոլորին փափաքն է, որ սուրիական բանակը տարածուի այնտեղ եւ պահպանէ սահմանը։ Փառք Տիրոջ, մինչեւ օրս մենք Գամիշլիի մէջ ապահովական ոչ մէկ հարց ունեցած ենք, վիճակը այնտեղ բաւական կայուն է ներկայիս։ Յուսանք տարածաշրջանային եւ միջազգային համաձայնութիւնները, քաղաքական գործընթացը դրական աւարտ կÿունենան։
Հ.- Սուրիահայ երիտասարդութեան վիճակը ի՞նչ է այս օրերուն։
Յ.Ք- Երիտասարդներուն հիմնական դժուարութիւնը, յատկապէս համալսարանականներուն, ուսման աւարտէն ետք զինուորական ծառայութեան եւ աշխատանքի ու համապատասխան վարձատրութեան դժուարութիւններն են։ Պատերազմէն տակաւ դուրս եկող երկրի մը այս դժուարութիւններն են, որոնք երիտասարդները գաղթի կը մղեն։
Հ.- Կրթական համակարգի հետ կապուած դժուարութիւններ կա՞ն։ 
Յ.Ք.- Կրթական համակարգը կարեւորագոյն համակարգերէն մէկն է։ Վերականգնումի աշխատանքները կը սկսին այդտեղէն։ Բարեբախտաբար կրթական հաստատութիւնները Հալէպի մէջ իրենց ընթացքը կը շարունակեն։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութիւնը արդէն 2017-ին վերադարձաւ իր ակունքը՝ իր շէնքը, այսօր երրորդ տարին ըլլալով դասաւանդութիւնը կը շարունակուի Ճեմարանի կառոյցէն ներս։ Անշուշտ աշակերտութեան թիւի նօսրացում տեղի ունեցաւ։ Մենք փորձեցինք վերանորոգել այն ինչ որ պատերազմի օրերուն քանդուած էր եւ ուսման բոլոր կարելիութիւնները ապահովել։
Հ.- Կրթական համակարգին կրած վնասները մե՞ծ էին։
Յ.Ք.- Մեծագոյն վնասը կրեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը եւ Կիլիկեան ճեմարանը, սակայն երկու դպրոցներն ալ այսօր վերականգնած են իրենց կառոյցները եւ աշակերտները ընդունած են նորոգուած շէնքերուն մէջ։
Հ.- Ի՞նչ դժուարութիւններ կան, որոնք յաղթահարելու պարագային կեանքը կը բարելաւուի։
Յ.Ք.- Ներկայիս հիմնական դժուարութիւնը տնտեսական ճգնաժամային վիճակն է, որովհետեւ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին ԱՄՆ միակողմանի տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանեց Սուրիոյ վրայ։ Իրականութեան մէջ Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ կը կրէ անոնց հետեւանքը, իր օրապահիկը դժուարութեամբ կ’ապահովէ։ Սղաճը այլ հարց մըն է Պարզ բանուորին կամ պաշտօնեային ամսականը եթէ նախապատերազմեան շրջանին հինգ-վեց հարիւր տոլար էր, ան կը բաւարարուէր։ Ներկայիս, սակայն, միջին ամսականները կը հասնին մօտաւորապէս հարիւր տոլարի։ Ասիկա լաւագոյն պարագային։ Այս եկամուտը բաւարար չէ ընտանիք մը պահելու համար, ինչ որ շատ մը երիտասարդներ կը մղէ, որ մտածեն տարբեր լուծումներու մասին, ինչպէս օրինակ գաղթի մասին։
Հ.- Գաղթողներու թիւը մե՞ծ է վերջին երկու տարուան ընթացքին։
Յ.Ք.- Թիւերու մասին չեմ կրնար խօսիլ, որովհետեւ յստակ տուեալներ չկան, սակայն կը կարծեմ որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, արտահոսքը նուազած է։ Այդ մէկը կրնանք գուշակել դպրոցի աշակերտներուն թուապատկերէն։ Վերջին մէկ-երկու տարիներուն անոնց թիւը մեծ փոփոխութիւն չէ կրած։ Յոյսով ենք, որ երբ մանաւանդ Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին բացուի, Հալէպի օդակայանը վերստին բանի, տնտեսական վիճակն ալ կը բարելաւուի, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ վերջերս սուրիական բանակը Սուրիոյ քարիւղի հանքերը իր վերահսկողութեան տակ առաւ։
Հ.- Մենք կը խօսինք ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման մասին, իսկ ժողովուրդին հոգեկա՞ն վիճակը…։
Յ.Ք.- ժողովուրդը տակաւին չէ թօթափած հոգեկան իր ճնշուած վիճակը։ Մենք կը փորձենք գոնէ դպրոցներուն մէջ այդ հարցերը լուծել, հոգեբանական խորհրդատուներու դիմելով։ Յուսանք այս դժուարութիւնն ալ յաղթահարելի կը դառնայ, մանաւանդ երբ տնտեսական վիճակը բարելաւուի։
Հ.- Վարժարաններուն մէջ տարբեր առարկաներու յատուկ մասնագէտներու բաց ունի՞ք։
Յ.Ք.- Այս իմաստով, կը կարծեմ, գէթ Ճեմարանի մեր կազմը բաւական լաւ է։ Մասնագէտներ կան, աշխատանքը լրջութեամբ կ’ընթանայ։ Վերջին ուսումնական տարեշրջանին մենք ունեցանք շատ լաւ արդիւնքներ։ Վեց շրջանաւարտներ Բժշկական Համալսարան արձանագրուեցան եւ տասնեակ աշակերտներ Հալէպի տարբեր համալսարաններ։ Շրջանաւարտներու 95 առ հարիւրը արդէն համալսարանական ուսման փուլ թեւակոխած է։ Ոմանք նախընտրեցին իրենց ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ կամ այլուր։
Հ.- Հայաստանէն Սուրիա վերադարձողներ կա՞ն։
Յ.Ք.- Այո, անցեալ ուսումնական տարեշրջանին ունեցանք երեք-չորս աշակերտներ, որոնք վերադարձան եւ այսօր իրենց ուսումնական ընթացքը ճեմարանի մէջ կը շարունակեն։ Ոմանք կ’ուզեն գաղթել եւ իրենց ուսումը այլ երկիրներու մէջ շարունակել։ Մենք նման շրջանաւարտներու կը թելադրենք մեկնիլ Հայաստան եւ այնտեղ շարունակել իրենց բարձրագոյն ուսումը։
Հ.- Այսօր, երբ կը կարծէք, թէ երկիրը աստիճանաբար կը վերականգնի, ինչպիսի՞ հարցեր պէտք է լուծել կեանքը աւելի դիւրին դարձնելու համար։
Պ.- Ներկայիս կը վերագնահատենք մեր ուժերը, յատկապէս մարդուժ։ Անհրաժեշտ է որոշ աշխատանքներ ամփոփել, ամփոփուիլ։ Ծրագիրներ պէտք է մշակենք հասութաբեր աղբիւրներ ապահովելու, որպէսզի կարենանք մեր տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարել, յատկապէս նկատի առած որ ծնողներուն նիւթական կարողութիւնները զգալի նահանջ արձանագրած են։
Հ.- Հալէպի մէջ վերականգնումի ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տարուին։
Յ.Ք.- Քաղաքին մէջ կան շրջաններ, զորս պետութիւնը կը վերանորոգէ, մանաւանդ Հալէպի հին շրջանները, հին շուկաները, որոնց մէկ մասին բացումն իսկ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթ։ Տակաւին կան մեծ թիւով կառոյցներ, շէնքեր որոնք փլատակ վիճակի մէջ են։ Այսինքն վերականգնումի հիմնական աշխատանքը տակաւին չէ սկսած։Հիմնական վերականգնումը կը պահանջէ միջազգային ճիգ եւ ներդրում։
Հ.- Իսկ պետութիւնը ի վիճակի՞ է ամբողջական եւ համակարգուած կերպով յառաջ տանիլ այդ աշխատանքը։
Յ.Ք.- Այո, եթէ նիւթական աղբիւրներ ապահովուած ըլլան եւ յստակ ծրագիր ըլլայ, պետութիւնը դիւրաւ կը յաջողցնէ վերականգնումը։
Հարցազրոյցը վարեց՝
Էտկար Պաղտասարեան