ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ բնակչութեան 58 առ հարիւրը կողմ արտայայտուած է Թուրքիոյ՝ ՕԹԱՆ-ի կազմէն հաւանական հեռացման, իսկ 18 առ հարիւրը՝ դէմ: Հարցախոյզը կատարած է «ԻւԿով» հիմնարկը՝ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ ներխուժման լոյսին տակ:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 61 առ հարիւրը թեր արտայայտուած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումին, իսկ 69 առ հարիւրը դէմ է դէպի Թուրքիա ապրանքներու արտածումին:
«Տէօչէ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը, որուն պատուէրով կատարուած է հարցախոյզը, կը յայտնէ, որ ՕԹԱՆ-ի 1949 թուականի համաձայնագիրը չի կանոնակարգեր անդամ պետութիւններու կազմակերպութենէն հեռացման հոլովոյթը: Այդ առումով Թուրքիոյ դէմ այդպիսի քայլեր կիրարկելը աւելի խնդրայարոյց պիտի ըլլայ:
Գերմանիոյ մէջ տակաւին միայն Ձախերու Կուսակցութիւնն է, որ այդպիսի առաջարկ ներկայացուցած է: Իսկ երկրի արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս Թուրքիան կոչած է ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակից: