ՀԲԸ Միութեան ՀԵ Ընկերակցութեան «Ա.Խաչատուրեան» Երաժշտանոցը դարձած է արուեստի իսկական դպրոց մը՝ շնորհիւ իր կանոնաւոր դասաւանդութեան եւ դասարանային բաժանումներուն: Այնտեղ ոչ միայն հալէպահայութեան, այլեւ ընդհանրապէս հալէպաբնակ աշակերտներ կը ստանան երաժշտական որակաւոր ուսում, զանազան նուագարաններու օգտագործման դասընթացքներու հետեւելով։
Երաժշտանոցի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 20 եւ 27 Հոկտեմբեր 2019-ին, ՀԲԸ Միութեան «Գ Յ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցին՝ Կոմիտաս Վարդապետին Ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած դասական համոյթ մը, կատարողութեամբ ՀԵ Ընկերակցութեան Կոմիտասի անուան Սենեկային նուագախումբին: Յատկանշական էր, որ Սուրիոյ մէջ իր տեսակով միակը հանդիսացող նուագախումբին անդամները գրեթէ բոլորն ալ երաժշտանոցի ուսուցիչներ են, որոնք իրենց ուսումը կատարելագործած են հետեւելով երաժշտանոցի եւ ապա ՀԲԸ Միութեան Հայաստանի մէջ կազմակերպած երաժշտական ծրագիրին։
Խումբին մաս կը կազմեն եօթը առաջին ջութակահար, վեց երկրորդ ջութակահար, երեք վիոլիստ, երեք թաւ ջութակահար, երկու ֆլիւթիստ, մէկ դաշնակահար եւ երկու երգիչ: Սենեկային խումբի ղեկավարն է մայեսթրօ բժիշկ Սարգիս Իսկէնեան, որ հմտութեամբ կը ղեկավարէ նաեւ միութեան 65-ամեայ «Սպենդիարեան» երգչախումբը։
Ելոյթին երկու մասէ կազմուած ծրագիրը Կոմիտասի «Երկինքն Ամպէլ Ա», «Քէլէ-Քէլէ», «Կռունկ», «Գարուն Ա», «Չինար Ես», «Նազան Իմ Եարը», «Վաղարշապատ» յօրինումներուն կողքին կ’ընդգրկէր Հենտըլի, Պախի, Պրամսի եւ համաշխարհային երաժշտութեան այլ տիտաններու գլուխ գործոցներ:
Պէտք է արձանագրել նաեւ, որ գերագոյն հաճոյք էր ունկնդրել այս նուագախումբին անթերի, ներդաշնակ, երբեմն մեղմ, երբեմն ուժգին հնչող կատարումը: Պարզապէս կարելի էր հիանալ անոր որակին ի տես, յատկապէս հալէպեան բեմէ, հալէպցի երաժիշտներու կողմէ հրամցուած ըլլալու հանգամանքը նկատի առնելով:
Հանդիսավարներ Թամար Խապայեանի եւ Կարպիս Երանոսեանի կողմէ հայերէնով եւ արաբերէնով Կոմիտասի եւ անոր անզուգական արուեստին մասին մէջընդմէջ կատարուող մեկնաբանութիւնները ոչ միայն կը հարստացնէին երեկոն, այլեւ հանդիսատեսը կեդրոնացած կը պահէին ներկայացումներուն վրայ:
Ուրախալի էր տեսնել, որ հմուտ ղեկավարի ձեռքի շարժումներուն հետեւող կատարողները կը նուագէին արհեստավարժ ճկունութեամբ, իրենք եւս ըմբոշխնելով այս գեղեցիկ արուեստը, որ լեզու չունենալով մարդկային ամենահասկնալի հաղորդակցական կապն է: Ահա թէ ինչո՛ւ սրահին մէջ ներկայ եղող արաբները նոյնքան հաճոյքով ունկնդրեցին զայն, որքան հայերը: Աւելցնենք, որ Հալէպի հանդիսատեսն ալ գովելի էր, զարմանալու աստիճան գովելի, չէ՞ որ ան լուռ ու մունջ, ամբողջ երկու ժամ կունկնդրեց դասական երաժշտութիւն: Ըսեմ նաեւ որ առաջին անգամն էր, որ ականատեսը կը դառնայի 500 հանդիսատեսով լեցուն սրահի մը մէջ ներկայա-ցուած դասական նման համոյթի մը:
Առաջին ելոյթին ներկայ էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, որ աւարտին իր սրտի խօսքին մէջ ջերմօրէն շնորհաւորեց ընկերակցութիւնը, խմբավարը, կատարողները, ապա լուսարձակի տակ առաւ մեր ազգային արժէքները՝ հայրենիքը, հաւատքը, լեզուն, աւելցնելով որ սուրիահայերս հաւատարիմ քաղաքացիներն ենք նաեւ մեր երկրորդ հայրենիքին, որ մեզի կ’ընծայէ ամէն կարելիութիւն՝ պահպանելու մեր լեզուն ու մշակոյթը։
Սրբազան հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց այս բերկրալի համոյթը:
Վարձքդ կատա՛ր, մայեսթրօ, վարձքերնիդ կատա՛ր կատարողներ, Երաժշտական Յանձնախումբ, ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵԸ-ի վարչական պատասխանատուներ:
Թղթակից