Սուրիական կառավարութիւնը կը ծրագրէ շարք մը միջոցներ որդեգրել 2020-Ին երկրի տնտեսական ընդհանուր հատուածը բարելաւելու համար:

Կառավարութեան ծրագիրը կը ներառէ առաջքը առնել մսխումներուն եւ անոնց փոխարէն յառաջացնել այնպիսի շահաբեր ծրագիրներ, որոնք երկրին ծառայողական իրավիճակը կրնան բարելաւել:

Կառավարութիւնը կարեւոր կը համարէ նաեւ վերջ տալ հարկերէ խոյս տալու երեւոյթին՝ համապատասխան պատժամիջոցներ կամ տուրքեր սահմանելով: